Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Կովկաս-2020» Զօրավարժութիւններուն Մէջ Ներգրաւուած Են Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Մարտական Ուղղաթիռները

«Կովկաս-2020» Զօրավարժութիւններուն Մէջ Ներգրաւուած Են Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Մարտական Ուղղաթիռները

by MassisPost

Հայաստանի ու Ռուսաստանի դեսանտային օդային գրոհային Ми-8МТВ եւ հարուածային Ми-24П ուղղաթիռները «Ալագեազ» փորձադաշտին մէջ աւերներ պիտի հասցնեն Հայաստանի պայմանական հակառակորդի ռազմական սպառազինութեան շարանին եւ  կառոյցներուն, պիտի ապահովեն օդային տեղափոխումն ու իջեցումը եւ աջակցին յարձակման անցած ուժերուն։

Զօրավարժութիւններու ծրագիրին մասին լրագրողներուն ըսած են Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ երկուշաբթի կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Զօրավարժութիւններու այս փուլին ներգրաւուած է Հայաստանի ու Ռուսաստանի 20 մարտական ուղղաթիռ, 1,5 հազար զինծառայող, մօտաւորապէս 300 միաւոր ռազմական զրահ, անոնց կարգին՝ երկու երկիրներու անօդաչու թռչող սարքեր:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ զօրավարժութիւններուն բոլոր մասնակիցները, «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած, պիտի գտնուին բժիշկներու վերահսկողութեան տակ։

«Կովկաս-2020» զօրավարժութիւնները տեղի կ’ունենան Սեպտեմբեր 21-26-ին, Ռուսաստանի Հարաւային ռազմական  մարզը, Սեւ ու Կասպից ծովերուն մէջ։

Ընդհանուր առմամբ զօրավարժութիւններուն մէջ ներգրաւուած է 80 հազար մարդ, անոնց կարգին՝ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցներ եւ անդամներ։ Արտասահմանեան 6 երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին մինչեւ հազար զինծառայող։

«Կովկաս-2020» զօրավարժութիւններու հրամանատարը՝ ՌԴ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, բանակի զօրավար՝ Վալերի Կերասիմովն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment