Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Բաւարարած Է Միքայէլ Մինասեանի Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը

Դատարանը Բաւարարած Է Միքայէլ Մինասեանի Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը այսօր բաւարարած է Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի փեսայ, Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանը կալանաւորելու Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) միջնորդութիւնը։

Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութիւն»ին փոխանցեցին, որ ընդունուած  մօտեցում  է, երբ դատարանը կալանաւորման որոշում կը կայացնէ, սակայն մեղադրեալը հետախուզման մէջ կ’ըլլայ։ Այլ մանրամասնութիւններ գլխաւոր դատախազութենէն չյայտնեցին։

ՊԵԿ քննչական վարչութեան կողմէ քննուող գործով, Մինասեան մեղադրուած է ապօրինի հարստացման, յայտարարագրով կեղծ տուեալներ ներկայացնելու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը օրինականացնելու մէջ։ Սերժ Սարգսեանի փեսան հետախուզման մէջ է։

Ըստ ՊԵԿ-ի` քննութիւնը պարզած է, որ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպանը՝ 2012-2018 թուականներուն կասկածելի աղբիւրներէ ստացած խոշոր ֆինանսական միջոցներով, քօղարկուած եղանակով, Սկովտիոյ մէջ հաշուառուած օֆշորային-հեռափնեայ «Ուոլթեքս Էքսփրես Էլ Փի» կազմակերպութեան միջոցով եւ ապա իր մտերիմներէն՝ Ռոզա Ստեփանեանի միջոցով, վերջինիս օժանդակութեամբ հանդիսացած է «Սփայքա» ընկերութեան 49 տոկոս բաժնեմասի փաստացի բաժնետէրը, սակայն այդ մասին ոչինչ նշած է իր յայտարարագրութիւններուն մէջ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Յուլիսին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը երկրորդ անգամ մերժած էր Պետական եկամուտներու կոմիտէի միջնորդութիւնը: ՊԵԿ-ը լրացուցած էր մեղադրանքը եւ աւելցուցած «Սփայքայի» դրուագը, ապա երկրորդ անգամ դիմած Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան, որ բաւարարած է ՊԵԿ-ի միջնորդութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment