Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլական Ընկերութիւնը 155 Միլիոն Տոլար Վճարած Է Ատրպէյճանի Պաշտօնեաներուն Պատկանող Ընկերութիւններուն

Իսրայէլական Ընկերութիւնը 155 Միլիոն Տոլար Վճարած Է Ատրպէյճանի Պաշտօնեաներուն Պատկանող Ընկերութիւններուն

by MassisPost

Իսրայէլի օդատիեզերական արդիւնաբերութիւն պետական ընկերութիւնը, որ ոլորտին խոշորագոյն ընկերութիւնն է Իսրայէլի մէջ, 155 միլիոն տոլար փոխանցած է երկու ընկերութիւններու, որոնցմէ օգտուած են Ատրպէյճանի աւազակապետական վերնախաւի ներկայացուցիչները։ Այս մասին կը գրէ Times of Israel-ը՝ յղում ընելով դրամատնային փոխանցումներու վերջին արտահոսքին, որ տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ի Գանձապետարանի ստորաբաժանումներէն մէկէն։ Խօսքը կը վերաբերի 2012-2014 թուականներու գործարքներուն։

Իսրայէլական ընկերութիւնը գումարը փոխանցած է երկու ընկերութիւններու, որոնք կասկած յարուցած են Տոյչէ Դրամատան մօտ։ Դրամատան մասնագէտները կասկածած են, որ փոխանցումները կրնան կապ ունենալ փողերու լուացումի հետ։

Տոյչէ դրամատան փաստաթուղթերուն մէջ այդ ընկերութիւնները նշուած են Jetfield Networks եւ Larkstone։ Ճեթֆիլտ Նեթուորքսը հիմնադրուած է 2009 թուականին Նոր Զելանտայի մէջ, ապա գրանցումը փոխած Մարշալեան կղզիներ։ Ընկերութեան շահառուն ատրպէյճանցի Ճավիտ Յուսէյնովն է, որուն կը պատկանի նաեւ Լարքսթոն ընկերութիւնը, որ գրանցուած է Էսթոնիա։

Իսրայէլական պետական ընկերութիւնը վերոնշեալ ընկերութիւններուն գումարը փոխանցած է 2012 թուականին խոշոր պայմանագիրի մը ստորագրումէն յետոյ։ Գործարքին ծանօթ աղբիւրը նշած է, որ պայմանագրին մէջ նախատեսուած չէ եղած միջնորդ կազմակերպութեան գումարի փոխանցում։

Տոյչէ դրամատունը Ամերիկեան գերատեսչութեան յայտնած է, որ 2014 թուականի դրութեամբ՝ իսրայէլական ընկերութիւնը Ճեթֆիլտին փոխանցած էր 116 միլիոն տոլար, իսկ Լարքսթոնին՝ 39 միլիոն տոլար։ Ճեքֆիլտ եւ Լարքսթոն ընկերութիւններու մասին յայտնի եղած է 2017 թուականին ատրպէյճանական լուացքատան յայտնի գործէն յետոյ։ Այս ընկերութիւններու գումարներէն օգտուած են ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները թանկարժէք ապրանքներ ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու քաղաքական գործիչներուն վճարելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment