Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2020-ի «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիրներն են Ֆարթուն Ատանը եւ Իլուատ Էլմանը

2020-ի «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիրներն են Ֆարթուն Ատանը եւ Իլուատ Էլմանը

by MassisPost

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը հինգերորդ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական տարեկան մրցանակը կը շնորհէ Ֆարթուն Ատանին եւ Իլուատ Էլմանին. մայր եւ դուստր Սոմալիի մէջ կը ղեկավարեն «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը: Որպէս «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրներ, անոնց կը շնորհուի 1 միլիոն տոլար պարգեւ, ինչ որ բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու մարդասիրութեան շղթան եւ աջակցելու զիրենք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, ըսուած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆարթուն Ատանը եւ Իլուատ Էլմանը ընտրած են երեք կազմակերպութիւն՝ “Love Does”, «Փանզի» հիմնադրամ եւ «Փրաճվալա», որոնք կը պայքարին ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար, առաջնային բուժօգնութիւն կը տրամադրեն  լուսանցքային խումբերուն եւ կը փրկեն սեռական թրաֆիքինգի զոհեր։ Այս կազմակերպութիւններն ալ կը դառնան մէկ միլիոն տոլար մրցանակի շահառուները։

Ֆարթուն Ատանը եւ Իլուատ Էլման ընտրուած են 2020 թուականի «Աւրորա»յի հերոսներէն, որոնք յայտարարուեցան Ապրիլ 24-ին: Բացի սոմալացի իրաւապաշտպաններէն, բացառիկ հերոսներու կարգին էին նաեւ քոնկոցի աքթիւիսթ՝ Անժելիք Նամայքան, փախստականներուն բաց ծովէն փրկող՝ Սոֆի Պոն եւ Քլաուս Ֆոկելը եւ աֆղանիստանցի մանկավարժ՝ Սաքինա Եակուպին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment