Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԿԳՄՍ Նախարարը Չի Պատրաստուիր Հրաժարականը Տալ

ԿԳՄՍ Նախարարը Չի Պատրաստուիր Հրաժարականը Տալ

by MassisPost

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարը չի պատրաստուիր հրաժարականը տալ։ Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին ասուլիսին յայտարարեց։ Նախարարը պատրաստ է հրաժարական տալ այն պարագային, երբ զգայ, թէ իրենք սխալ ուղղութեամբ կ’երթան։ «Ես կը խնդրեմ մեր գործընկերներին ամպագորգոռ յայտարարութիւններով եւ էսպէս հրաժարականներով ինձ չվախեցնել, որովհետեւ ես չեմ վախենում դրանից: Ես յեղափոխական թիմի առաջնորդներից մէկն եմ եղել եւ եմ, ես առաքելութիւն եմ ստանձնել` ոլորտը բարեփոխելու, ես այդ առաքելութիւնը ներկայում իրականացնում եմ», – ըսաւ նախարարը:

Գերատեսչութեան նախաձեռնութիւնները վերջին շրջանին հանրային բուռն քննարկումներու առիթ կը դառնան, նախարար Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով պարբերաբար բողոքի հաւաքներ կը կատարեն անոր ընդդիմախօսները։ Հարցը նաեւ խորհրդարան հասած է։ Նախաձեռնութիւնը «Լուսաւոր Հայաստանին»ն է։ Խմբակցութիւնը դժգոհ է Յարութիւնեանի աշխատանքէն։ Ընդդիմադիրները նոյնիսկ «Քայլ արա, դուխով հեռացիր» գրութեամբ պաստառ բերած են նիստերու դահլիճը։

«Լուսաւորը» խորհրդարանին մէջ առաջարկած է ընդունիլ որոշում, որպէսզի վարչապետը քննարկէ Արայիկ Յարութիւնեանի հետագայ պաշտօնավարման հարցը։ Աւելի վաղ խմբակցութիւնը գործող իշխանութենէն երկու նախարարի պաշտօնանկութեան հարց բարձրացուցած էր, սակայն Ազգային ժողովը նման որոշում չէր ընդունած։

Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձաւ նաեւ «Իմ քայլը» խմբակցութենէն պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեանի՝ մանտաթից հրաժարելու հարցին, ըսաւ, թէ Ճուլֆալաքեանի հետ վերջին ամիսներու ընթացքին որեւէ քննարկում չէ ունեցած, ան հնարաւորութիւն ունէր այդ հարցերը բարձրացնելու համար. – «Հնարաւոր է, որ այդ քննադատութեան, յստակ քննադատութեան մի մասը ընդունէինք եւ շտկումներ անէինք, մի մասը բացատրէինք, որ իր ընկալումներում եւ իր այսպէս ասած` դիրքորոշումներում այն փաստերը, որոնք դրա հիմքում են, չեն համապատասխանում իրականութեանը»:

Յիշեցնենք, որ Արսէն Ճուլֆալաքեանի իր մանտաթէն հրաժարելու որոշումը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, եւ սփորթի նախարար՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութիւններով պայմանաւորուած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment