Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հ.Կ.Բ.Մ.ի Հովանաւորութեամբ Կարօտեալներու Սննդամթերքի Բաշխում Փասատինայի Բնակչութեան

Հ.Կ.Բ.Մ.ի Հովանաւորութեամբ Կարօտեալներու Սննդամթերքի Բաշխում Փասատինայի Բնակչութեան

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան Փասատինայի կեդրոնին մէջ, անցեալ Կիրակի Սեպտեմբեր 13ին, տեղի ունեցաւ սննդամթերքի հերթական բաշխում: Հ.Կ.Բ.Մ.ի հովանաւորութեամբ սոյն միջոցառումի նախաձեղնողներն էին Հ.Մ.Մ.ի վարչութիւնն ու Հ.Մ.Մ.ի Տիկնանց Օժանդակ Միութիւնը: Արդարեւ, տասնեակ մը կամաւոր անդամ-անդամուհիներ, սիրայօժար կերպով իրենց օգտաշատ մասնակցութիւնը բերին սննդամթերքի բաշխումի աշխատանքին, որմէ օգտուեցան «Քորոնա» համաճարակէն տուժած կարիքաւոր ընտանիքներ, մասնաւորաբար Փասատինա քաղաքէն եւ մերձակայ շրջաններէն: Անոնք յատուկ արկղերու միջոցով, ստացան այլազան տեսակի ուտելիքներ(կարագ, մածուն, պահածոներ, բանջարեղէն, արմտիք, եւայլն):

food-bank-3

Նշենք նաեւ որ Հ.Կ.Բ.Մ.ը մարդասիրական արտակարգ աշխոյժ գործունէութիւն մը կը ցուցաբերէ ներկայիս Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղի իր կեդրոնական դարմանատան մէջ, ուր առանց կուսակացական եւ հատուածական խտրականութեան, բուժ-օգնութիւն եւ ուտեստեղէն կը ստանան երկրի տնտեսական ճգնաժամէն, «Քորոնա» համաճարակէն եւ Օգոստոս 4ի պայթիւնէն տուժած հայ բազմահազար քաղաքայիններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment