Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ-ը Մերժեց ԿԳՄՍ Նախարարի Հրաժարականի Հարցը Բարձրացնելու Առաջարկը

ԱԺ-ը Մերժեց ԿԳՄՍ Նախարարի Հրաժարականի Հարցը Բարձրացնելու Առաջարկը

by MassisPost

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (ԿԳՄՍ) նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի հարցը վարչապետը չի քննարկեր։ Խորհրդարանը 84 դէմ, 35 կողմ ձայներով մերժեց ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկը։

«Լուսաւորի» այս առաջարկի հետեւանքով լարուածութեան նոր ալիք մը սկսաւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի եւ իշխող ուժին միջեւ։ Երէկ՝ Սեպտեմբեր 16-ին իր եզրափակիչ ելոյթով սեռական դաստիարակութեան թեմային անդրադառնալով Արայիկ Յարութիւնեան կոշտ ակնարկներ հնչեցուց հորմոնները չզսպելու եւ սեռական բռնութիւն կիրառելու հետ կապուած։ ԲՀԿ-ն ասիկա վանկարկումներով ընդունեց եւ պոյքոթեց հետագայ նիստը։ Ծառուկեան ժամանակին մեղադրուած է բռնաբարութեան մէջ եւ տարիներ անց արդարացուած։ ԲՀԿ-ականները ակնյայտ համարած են նախարարի ակնարկները։

Այսօր արդէն այս առճակատումը այլ մակարդակ ստացաւ։ Առաւօտեան վարչապետ Փաշինեան ըստ էութեան նախարարի ելոյթը խրախուսող գրառում կատարեց իր էջին վրայ. «Դժուար է չհամաձայնել ԿԳՄՍ նախարարի հետ. Սկզբից օտարերկրացի կանանց հրաւիրում ես եկեղեցի ցոյց տալու: Յետոյ, լինելով ոստիկանութեան սերժանտ- տասնապետ, եկեղեցու տարածքում խմբով բռնաբարում ես հիւրերին ու կողոպտում նրանց: Յետոյ զբաղուում ես ազգային արժէքների եւ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեամբ: Յիրաւի «ազգանպաստ» գործունէութիւն»:

Վարչապետին գրառման յաջորդեց ԲՀԿ առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեանի գրառումը. «Ժամանակն է Սահմանադրութեամբ յստակ ամրագրել, որ հոգեկան լուրջ խնդիրներ ունեցող անձինք իրաւունք չունենան զբաղեցնել քաղաքական բարձրագոյն պաշտօններ՝ վտանգելով երկրի եւ ՀՀ քաղաքացիների անվտանգութիւնը»:

Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան վստահ է, թէ Ծառուկեանի գրառումը ուղղուած չէ վարչապետին, ինք գրառման մէջ այլ հասցէատէր տեսած է,  Պետրոսեանի Գէորգին որու հետ կապուած տեղեկութիւններ տարածուած են, որ առողջական խնդիրներ ունեցած է:

«Ազատութիւն»ի հարցին՝ այսինքն Նիկոլ Փաշինեանին էր ուղղուա՞ծ, ԲՀԿ պատգամաւոր Իվեթա Տօնոյեան պատասխանեց. «Ես ասում եմ, որ ով որ պէտք, որ իրեն գտնէր, իրեն տեսնէր, հասկանար, որ հասցէատէրն ինքն է այս հաղորդագրութեան, վստահաբար դա տեղի է ունեցել»:

Նախարարի ելոյթէն յետոյ ԲՀԿ-ն հիմա աւելի յամառօրէն կը պահանջէ անոր հրաժարականը, չեն բացառեր նոյնիսկ փողոցային հաւաքները։

«Պարոն Յարութիւնեանի պաշտօնավարումը մեզ համար բացարձակ անընդունելի հանգամանք է: Մենք կառավարութեան 100 տոկոսանոց հրաժարականի անհրաժեշտութեան մասին խօսել ենք դեռեւս ամիսներ առաջ, մեր ծրագրերում եւ նախագիծերում որեւէ բան չի փոխուել», – ըսաւ Իվեթա Տօնոյեան:

ԲՀԿ-ն չէր բացառեր Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ իրաւական գործընթաց սկսելու տարբերակը։ Հարցը դեռ կը քննարկեն փաստաբաններուն հետ:

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ իրաւական գործընթացի պարագային իրենց համար որպէս պատասխանող նաեւ Նիկոլ Փաշինեանին կը տեսնե՞ն, Տօնոյեան արձագանգեց. «Մենք ինքնին գործընթացի հնարաւորութիւնն ենք հիմա իրաւաբանների հետ քննարկում՝ հասկանալու համար  խնդրի  նրբերանգները: Իսկ ինչ վերաբերում է Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեանը, երբ որ կը հնչի հասցէական դիտարկում, գնահատական եւ կը լինի այդ դուխի առկայութիւնը, եւ նրանք անուանական ինչ-որ բան կ’ասեն «Բարգաւաճ Հայաստանի» կամ Գագիկ Ծառուկեանի վերաբերեալ, վստահաբար պատասխանը չի ուշանայ»:

Հետաքրքիր է, որ երկու կողմէն ալ բարեկրթութեան նորմերը չանցնելու յորդորներ կը հնչեն ու կը պնդեն, որ հակառակ կողմը բազմիցս անցած է կարմիր գիծը։ Չնայած այս պնդումներուն, 7 -րդ գումարման, ԱԺ-ի մէջ որեւէ դրուագով էթիկայի-բարոյագիտութեան յանձնաժողովի ձեւաւորման նախադէպ չկայ։

Այն հարցին թէ իրենց համար այդքան քննադատելի քաղաքական ուժի ու գործիչի հետ կապուած այս մտահոգութիւնները առկայ չէի՞ն, երբ յետյեղափոխական շրջանին համատեղ յուշագիր կը ստորագրէին, ԱԺ փոխնախագահը պատասխանեց, թէ  այդ տեղեկութիւնները պարոն Ծառուկեանի հետ կապուած, յայտնուած են շատ ուշ, քան նշուած իրադարձութիւնները, «ես չեմ կարող նման հարցերին պատասխանել, կայ իրողութիւն, յեղափոխութիւն է տեղի ունեցել, իր փուլերն են եղել, տարբեր դերակատարներ են եղել՝ փոքր, մեծ եւ այլն, բոլորն ունեցել են հնարաւորութիւն մաքուր էջից սկսել, եւ բոլորն ունեցել են հնարաւորութիւն իմանալ իրենց վերմակի չափը», – պատասխանեց Սիմոնեան:

Նկատել տանք, որ նման զարգացումներ ստացած քննարկման պատճառը դարձած է ֆէյսպուքեան օգտատիրոջ մը տարածած այն կեղծ տեղեկատուութիւնը, թէ 1999-ին հրատարակուած «Սեռական առողջութեան այբբենարան» վերնագիր ունեցող գիրքը պիտի դասաւանդուի տարրական դասարաններուն մէջ։ Գիրքին համահեղինակ, մանկաբարձ-կնոջաբան՝ Մերի Խաչիկեան պարզաբանած էր, որ գրքոյկը նախատեսուած չէ դպրոցական ծրագիրի համար, այլ տրամադրուած է մասնագիտական համաժողովի ծիրէն ներս, 16 տարեկանէն մեծ անձերու: Նախարարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է, թէ գրքոյկը դպրոցական ծրագրին մէջ ներառուած չէ, ինչպէս եւ ներառուած չէ «սեռական դաստիարակութիւն» անունով որեւէ առարկայ։

«Իմ քայլ»էն վստահ են, որ քննադատութեան այս կեղծ ալիքը օգտագործուելով, Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի օրակարգը ձեւաւորուած է։ ԲՀԿ-ն կը հակադարձէ, թէ իրենք երբեւէ գրքի մասին գրառում չեն ըրած, պարզապէս մտահոգ են սեռական դաստիարակութիւն գաղափարէն ընդհանրապէս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment