Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. «Վերջին 2 Օրերուն Դէպքերու Թիւի Աճի Միտումը Անհանգստացնող է»

Փաշինեան. «Վերջին 2 Օրերուն Դէպքերու Թիւի Աճի Միտումը Անհանգստացնող է»

by MassisPost

Մօտ մէկ ամսուայ կտրուածքով երէկ «Քորոնա» ժահրի ամենաշատ դէպքերը արձանագրուած են. COVID-19-ը աշխտորոշուած է 295 մարդու մօտ։ Նախորդ օրը մրցանշային թիւով՝ 4319 հետազօտութիւն կատարուած է։

Կառավարութեան այսօրուայ՝ Սեպտեմբեր 17-ի նիստի ժամանակ վարչապետը նկատեց, որ չնայած վերջին օրերուն մեծ թիւով հետազօտութիւններ կատարուած են, այնուամենայնիւ, գրանցուող թիւերը մտահոգիչ են:

Առողջապահութեան փոխնախարար՝ Անահիտ Աւանեսեան. – «Այո, քննութիւնների, ընդհանուր հետազօտութիւնների թիւը մեծ է, եւ դրա համար էլ բացարձակ թուով դէպքերի թիւը մեծ է: Բայց մենք նաեւ նկատում ենք հետազօտութեան մէջ տոկոսային աճ. այսօր մօտ 7 տոկոս է կազմում, ինչը մեզ համար մտահոգիչ է»:

Առողջապահութեան նախարարութենէն աճը կը կապեն ուսումնական տարուան ընդառաջ տեղի ունեցած աշխուժութեան հետ:

Իսկ թէ դպրոցներու բացման հետեւանքով ինչպիսի իրավիճակ կը ստեղծուի, փոխնախարար Աւանեսեանի խօսքով, կը տեսնենք առաջիկայ 2 շաբթուայ ընթացքին։

«Արտակագ դրութիւն այլեւս չկայ, սակայն սահմափակումները գործում են», – ըսաւ փոխնախարարը` ընդգծելով հակահամաճարակային կանոններուն խստօրէն հետեւելու կարեւորութիւնը: – «Բոլոր կանոների պահպանման արդիւնքում կարող ենք զսպել աճի միտումը եւ աշնան ընթացքում չունենանք կտրուկ վերելք թուերի, ինչը առողջապահական համակարգի մեծ լարում է առաջացնում եւ դժուարացնում է մեր աշխատանքը»:

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի մէկ ապացուցուած գործիք ունենք, եւ այդ մէկ ապացուցուած գործիքը դիմակն է: Եւ դիմակի կրման պայմանները պէտք է խստօրէն պահպանուեն», – նշեց վարչապետը` շեշտելով, որ այդ հարցով աւելի հետեւողական պիտի ըլլան:

«Որեւէ ոստիկան դիմակ չկրող որեւէ քաղաքացու մօտով անտարբեր չպէտք է անցնի»: – Փաշինեան նկատառումը ոստիկանապետին կ’ուղղէ ընդգծելով, որ լիարժէք պէտք է պահպանուին օրինականութիւնն ու քաղաքացիներու իրաւունքները:

Երէկ «Քորոնա» ժահրէն 2 մարդ մահացած է, որոնք ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, ունեցած են քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment