Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անկախութեան 29-ամեայ Ճանապարհը

Անկախութեան 29-ամեայ Ճանապարհը

by MassisPost

Համաճարակին հետեւանքով՝ մարդկութեան համար բարդ պայմաններու տակ կը պատրաստուինք նշելու Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձը:

1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին Հայրենի ժողովուրդը խանդավառ մթնոլորտի մէջ ու ապագայի նկատմամբ մեծ յոյսերով ու սպասումներով «Այո» քուէարկեց անկախութեան հանրաքուէին՝ հիմը դնելով Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան:

Անցնող մօտ երեք տասնամեակները լի էին վերիվայրումներով, չիրականացած ակնկալիքներով ու յուսախաբութիւններով: Արձանագրուեցան նաեւ յաղթանակներ ու ականատես եղանք յաջողութիւններու, որոնք կը շարունակեն յոյս ներշնչել, որ մեր Հայրենիքը կը գտնուի ճիշդ ճանապարհի վրայ ու աշխարհացրիւ հայութեան ուշադրութիւնը կը շարունակէ սեւեռած մնալ դէպի Արարատ լերան կողմը:

Անկախ պետականութեան հիմքերը կառուցելու աշխատանքները առաջին օրէն բախեցան ներքին ու արտաքին դժուարութիւններու: Երկրաշարժի վէրքերը տակաւին չամոքած, մեզի պարտադրուեցաւ Արցախեան պատերազմը, որ ի գին հազարաւոր զոհերու, աւարտեցաւ Հայ ժողովուրդի փայլուն յաղթանակով ու Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումով: Անկախութեան տարիներու մեծագոյն նուաճումը եղաւ այդ՝ երբ մեր ժողովուրդը տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կարողացաւ վերատիրանալ ու ընդարձակել իր պատմական հողերու մէկ մասը:

Պատերազմական վիճակին զուգահեր տեղի ունեցաւ Հայաստանի շրջափակումը ու մենք ապրեցանք մութի եւ ցուրտի տարիներ, շատերուն մղելով արտագաղթելու իրենց հայրենիքէն:

Նոյն տարիներուն սկսաւ սեփականաշնորհման չծրագրաւորուած ու սխալ հիմերու վրայ դրուած քաղաքականութիւնը, որու պատճառաւ փոշիացաւ երկրի հարստութեան մեծ մասը՝ անցնելով սահմանափակ թիւով մարդոց ձեռքը ու ժողովուրդի մէկ ստուար զանգուածը մատնուեցաւ աղքատութեան:

Ասոնց յաջորդեցին քրէաոլիկարխիկ համակարգի մը ի յայտ գալը ու իշխանութեան բռնազաւթումը՝ քսան երկար տարիներ, որոնց ընթացքին վերացան անկախութեան առաջին տարիներու ժողովրդավարական նուաճումները, որոնք փոխարինուեցան միապետական կառավարմամբ: Այդ տարիները եղան ամենէն ծանրը ու վնասարարը Հայաստանի համար: Ժողովուրդը ընդհանրապէս կորսնցուց հաւատքը Հայրենիքի նկատմամբ, սակայն պայքարելու եւ իր երկրին տէր դառնալու նպատակն ու հեռանկարը մնաց վառ բոլորի մօտ:

2018-ի Ապրիլ-Մայիսին, Հայ ժողովուրդը վերջապէս հասաւ իր նպատակին ու հարիւր հազարներով փողոց իջնելով ու հրապարակները ողողելով տապալեց վախի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած նախկին փտած վարչակարգը: Թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակով նոր էջ մը բացուեցաւ անկախ Հայաստանի առջեւ: Վերջապէս, իրերը սկսան շարժիլ իրենց տեղէն: Վերահաստատուեցան ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնները, ազատ եւ արդար ընտրութիւններով ձեւաւորուեցաւ իշխանութիւն, կաշառակերութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարը սկսաւ տալ իր առաջին պտուղները եւ արտագաղթը որոշ չափով դանդաղեցաւ ու բոլորի մօտ սկսաւ դարձեալ տիրել լաւատեսութիւն:

Վերջին վեց ամիսներուն Քորոնա ժահրի համաճարակը եկաւ ցնցելու երկրագունդի ամբողջ մարդկութիւնը: Հզօր պետութիւններն անգամ անկարող դարձան կասեցնելու տարածուող հիւանդութեան ալիքը: Հայաստան անմասն չմնաց այս բոլորէն ու սկսաւ դիմագրաւել նոր դժուարութիւնները, անոնց առողջապահական ու տնտեսական բաղադրիչներով:

Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի սեմին, յոյսով ենք որ համաճարակը մօտ օրէն կը յաղթահարուի ու բոլորս կը վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին ու մեր ժողովուրդը դարձեալ կը բռնէ զարգացման ու յառաջդիմութեան ուղղին ու յաջորդ տարի աւելի լաւ ու առողջ պայմաններու տակ կը համախմբուինք Մայր Հայրենիքի երկնակամարին տակª Երեւանի սրտին մէջ ազգովին նշելու անկախութեան 30-ամեայ յոբելեանը:

Շնորհաւոր Անկախութեան տարեդարձ մեր բոլորին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment