Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Հիւրընկալած Է Հայաստանի Ազգային Հերոս, Արժանթինահայ Բարերար՝ Էտուարտօ Էռնեկեանը

Վարչապետը Հիւրընկալած Է Հայաստանի Ազգային Հերոս, Արժանթինահայ Բարերար՝ Էտուարտօ Էռնեկեանը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Հայաստանի ազգային հերոս, արժանթինահայ  գործարար, բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանը:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ Փաշինեան հանդիպման ընթացքին նշած է. «Ուրախ եմ, որ Դուք «Քորոնա» ժահրի պայմաններում եւ դրա հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակում նոյնպիսի ոգեւորութեամբ էք վերաբերուում Հայաստանում ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւններին: Ձեր կողմից իրականացուած նախկին ծրագրերը յաջողութեամբ իրականացուում են, ինչն, ի հարկէ, ուրախալի է մեզ համար: Համոզուած եմ, որ այս համագործակցութիւնն աւելի տեսանելի արդիւնքներ կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեանը»:

Էռնեկեան ըսած է, որ հետեւողականօրէն պիտի  շարունակէ հայրենիքին մէջ տարբեր ոլորտներէ ներս ներդրումային ծրագիրները եւ կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Վարչապետը եւ արժանթինահայ  գործարարը քննարկած են Հայաստանի մէջ «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ ՓԲ Ընկերութեան կողմէ կատարուող ծրագիրները։ Մասնաւորապէս, անդրադարձած են ընկերութեան կառավարման տրուած Երեւանի «Զուարթնոց», Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու զարգացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, վերանորոգման եւ հետագայ շահագործման վերաբերող հարցերուն։ Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ Էտուարտօ Էռնեկեանին պատկանող ընկերութիւններու կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուող եւ առաջիկային նախատեսուող այլ ձեռնարկատիրական ծրագիրներու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment