Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զօհրապ Մնացականեան Հանդիպած Է Եգիպտոսի Նախագահին Հետ

Զօհրապ Մնացականեան Հանդիպած Է Եգիպտոսի Նախագահին Հետ

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Եգիպտոս գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զօհրապ Մնացականեան Սեպտեմբեր 14-ին հանդիպած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի հետ:

Հայաստանի ԱԳՆ-ը կը յայտնէ, որ Մնացականեան վերահաստատած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը քայլեր ձեռնարկելու հայ-եգիպտական համագործակցութեան առաւել ընդլայնման եւ ամրապնդման շուրջ։ Որպէս համագործակցութեան գերակայ ուղղութիւններ` զրուցակիցները առանձնացուցած են տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ելեկտրոնային կառավարման, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ գիտակրթական ոլորտները:

Հայաստանի ԱԳ նախարարը եւ Եգիպտոսի նախագահը բարձր գնահատած են աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները՝ արժեւորելով եգիպտահայ համայնքի կամրջող դերակատարութիւնը երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերի ամրապնդման գործով: Մնացականեան արժեւորած է Եգիպտոսի պատմական դերը եւ ներկայի փորձառութիւնը կրօնական բազմազանութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ու ամրապնդման գործով:

Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակ։ Այս առնչութեամբ Հայաստանի ԱԳ նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի անկայունութիւն արտահանելու փորձերու առնչութեամբ, կարեւորելով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման միտուած միջազգային համագործակցութիւնը:

mnatsakanyan-Sameh-Shoukry-2

Զօհրապ Մնացականեան Եգիպտոսի մէջ, այդ երկրի Արտաքին Գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով «Սքայ Նիւզ Արապիա»-ի հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Թուրքիոյ վարքագիծը Կովկասի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, եւ արդեօ՞ք այդ վարքագիծը վտանգ կը ներկայացնէ, թէ՞ ոչ:

«Ի հարկէ մենք ականատես ենք լինում իրենց կողմից ռազմական կուտակման փորձերի: Մենք տեղեկութիւններ ենք ստանում օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալների օգտագործման մասին, ովքեր տեղափոխուելու են Ատրպէյճան կամ գուցէ արդէն իսկ տեղափոխուել են: Մենք ականատես ենք լինում մեծ ռազմական ներկայութեան, ռազմական ամրապնդման: Այս ամէնը հենց այն գործողութիւններն են, որոնք խաթարում են տարածաշրջանում խաղաղութեանը եւ կայունութեանն ուղղուած ջանքերը», – շեշտած է Հայաստանի ԱԳ նախարարը:

«Մենք վճռական ենք մեր պաշտպանութեան մէջ եւ մենք վճռական ենք ժխտելու ուժի դրսեւորման, յարձակողական եւ ապակայունացնող բնոյթի ցանկացած քաղաքականութիւն, որը ուղղուած է ազդեցութեան տարածման, որն իր էութեամբ յարձակողական է եւ ապակայունացնող: Մենք ականատես ենք լինում ազդեցութեան տարածման այս քաղաքականութեանն Արեւելեան Միջերկրականից մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Մերձաւոր Արեւելք, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկաս: Նմանօրինակ քաղաքականութիւնը ամենեւին էլ ողջունելի չէ», – Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցումով՝ ըսած է Մնացականեան:

«Հայաստանը ունի բոլոր կարողութիւնները պաշտպանուելու, Արցախը ունի բոլոր կարողութիւնները պաշտպանուելու»

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ըսած է. – «Մեր հայրենակիցների՝ Արցախի հայերի կարեւոր գոյացական հարցերը շարունակում են մնալ մեր ուշադրութեան կեդրոնում: Մեր ուշադրութիւնը եւ մեր գերակայութիւնները վերաբերում են Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցների ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովմանը եւ կարգավիճակի խնդրին՝ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչմանը եւ դրա իրականացմանը` առանց սահմանափակումների: Հանգուցալուծման առումով մեր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնների առանցքում ընկած է անվտանգութիւնը»:

«Չի կարող լինել «միայն իմ ճանապարհով» լուծում: Կարծում եմ` այս առումով մենք ականատես ենք լինում այս հակամարտութեան նկատմամբ միջազգային հանրութեան զգայունութեանը: Բոլոր հակամարտութիւնները տարբեր են։ Ինչ վերաբերում է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանը, ապա այն ունի իր առանձնայատկութիւները, պատմութիւնը, նրբութիւնները եւ կարեւոր տարբերութիւնները: Այս շրջանակներում էլ մենք բարձր ենք գնահատում մեր բոլոր գործընկերների շատ զգուշաւոր մօտեցումը բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծմանը: Այս հարցը չունի ռազմական լուծում», – շեշտած է Հայաստանի ԱԳ նախարարը՝ շարունակելով. – «Մենք կարող ենք պնդել դա, քանի որ Հայաստանը ունի բոլոր կարողութիւնները պաշտպանուելու, Արցախը ունի բոլոր կարողութիւնները պաշտպանուելու: Կայ Արցախի մեր հայրենակիցների անվտանգութեան միայն մէկ երաշխաւոր, եւ դա Հայաստանն է: Մենք վճռական ենք այդ պաշտպանութեան հարցում, եւ հենց այդ վստահութեամբ եւ ընկալմամբ է, որ մենք մերժում ենք ռազմական լուծման որեւէ փորձ»:

«Այս տրամաբանութեան շրջանակներում մենք լաւ ընկալում ունենք մեր բոլոր գործընկերների մօտ, եւ մենք ունենք նաեւ մեր միջազգային գործընկերների շատ զգուշաւոր, պատասխանատու ըմբռնումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան աշխատանքի եւ տարածաշրջանում խաղաղութեանն ու կայունութեանն ուղղուած իրենց ջանքերի հանդէպ», – յայտարարած է Զօհրապ Մնացականեան:

Զօհրապ Մնացականեան   հանդիպումներ ունեցած է նաեւ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Ս. Մարկոսի աթոռի պատրիարք՝ Թէոտորոս երկրորդի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment