Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Ծագած Է Մեծ Հրդեհ

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Ծագած Է Մեծ Հրդեհ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 10-ին, մեծ հրդեհ ծագած է Պէյրութի աւերակուած նաւահանգիստին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արեւելք» լրատուականը:

Կը նշուի, որ լիբանանեան բանակը քաղաքացիներէն պահանջած է հեռու մնալ Պէյրութի նաւահանգիստին կից եղող գլխաւոր մայրուղիէն:

Աւելի  ուշ եւ Ըտ «Էլ.Պի.Սի. Այ.» կայանին, նաւահանգիստին մէջ ծայր առած մեծ հրդեհը սկսած է նահանջել եւ որ  Արտակարգ  Իրավիճակներու Նախարարութեան միաւորներ կարողացած են ինչ որ չափով «պաշարման» տակ առնել ծագած հրդեհը:

Հրդեհը տարածուած եղած է յատկապէս ինքնաշարժներու անիւ, ինչպէս նաեւ  տնային օգտագործման համար նախատեսուած ձէթ պարունակող պահեստարաններուն մէջ։

Կրակին հետեւանքով մայրաքաղաքի  երկինքը մթագնած է եւ հրդեհի վայրէն բարձրացող սեւ ծուխը հասած է հեռաւոր շրջաններ։

Կենսոլորտային հարցերով զբաղուողները քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած են փակուիլ տուներուն մէջ ու փակել իրենց տուներու դռներն ու պատուհանները։

Յիշեցնենք, որ անցեալ  Օգոստոս 4-ին Պէյրութը ցնցած էր մեծ պայթում մը, որ տեղի ունեցած էր նաւահանգիստին մէջ եւ պատճառ դարձած մեծագոյն վնասներու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment