Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերջ Տալ Քոչարեանի Դատավարութեան Զաւեշտին

Վերջ Տալ Քոչարեանի Դատավարութեան Զաւեշտին

by MassisPost

Հայաստանի նախագահի պաշտօնը վարած Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութիւնը կը շարունակէ մնալ նոյն կէտի վրայ: 2008-ի Մարտի 1-ի արիւնալի դէպքերու զոհերու իրաւայաջորդները եւ անոնց փաստաբաները որոշած են պոյքոթել դատական նիստերը՝ յայտարարելով որ չեն ուզեր մասնակից ըլլալ տեղի ունեցող զաւեշտին:

Քոչարեանի դատավարութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ 2019-ի Մայիսին, սակայն անկէ ասդին դատարանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ պարզուած պատկերը պատիւ չեն բերեր որեւէ երկրի դատական համակարգին:

Նիստերու ընթացքին կը տիրէ քաոսային վիճակ, ուր կը բացակային կարգ ու կանոն եւ դատավարական սահմանուած օրէնքներ: Քոչարեանի պաշտպանները մերթ կը վիճին դատախազներուն հետ, մերթ՝ զոհերու հարազատներուն եւ անոնց փաստաբաններուն հետ եւ երբեմն ալ վիրաւորական խօսքեր կ՛ուղղեն դատաւորին անձնապէս, առանց ենթարկուելու լուրջ պատասխանատուութեան:

Սակայն, բուն հարցը կը կայանայ հոն, որ Քոչարեանի փաստաբանները ամիսներէ ի վեր կը դիմեն տարբեր հնարքներու, առիթ չտալով որ դատախազներ աւարտեն ամբաստանագրի ընթերցումը եւ ապա անցնելու համար վկաներուն: Անցնող ամիսներու ընթացքին Քոչարեանի փաստաբանները շահագործելով միջնորդութիւններ ներկայացնելու իրենց իրաւունքը, դիմած են մօտ 100 նման դատական քայլերու: Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու պահանջելով, դատաւորին նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելով, դատախազի նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելով, փաստաբաններէն մէկու եւ կամ միւսի բացակայութիւնը պատրուակ բռնելով, ամբաստանեալի առողջական վիճակը պատճառաբանելով եւ այլ մեծ ու փոքր հարցերով միջնորդութիւն կատարելով, պաշտպանները կը յաջողին շարունակաբար ձգձգել դատական նիստերը: Իւրաքանչիւր նման միջնորդութենէն ետք, դատաւորը փոխանակ տեղւոյն վրայ որոշում կայացնելու, մէկ կամ աւելի շաբաթով կը յետաձգէ նիստը:

Քոչարեան իր կողքին ունին 5-6 փաստաբաններ, որոնք առատաձեռն կը վճարուին Հայաստանի ժողովուրդէն գոցուած գումարներով: Անոնց համար դատավարութիւնը որքան երկարի՝ այնքան աւելի շահաբեր է: Իսկ, Քոչարեանի նպատակը շատ պարզ է՝ առիթ չտալ որ դատավարութիւնը տեղէն շարժի, յուսալով որ երկրէն ներս տեղի կ՛ունենան քաղաքական եւ կամ այլ զարգացումներու, որոնք կրնան աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծել՝ պատասխանատուութենէն խուսափելու համար:

Միջազգայինօրէն սահմանուած իրաւունքներէն մէկը, արդար դատավարութեան կողքին, արագ դատավարութեան սկզբունքն է, որ պէտք է ապահովուի ե՛ւ ամբաստանեալին ե՛ւ տուժող կողմին համար: Սակայն, Հայաստանի մէջ դատավարութիւնները կը տեւեն ամիսներ եւ երբեմն տարիներ:

Այժմ որ Քոչարեան ազատութեան մէջ է, անոր փաստաբանները պիտի շարունակեն շարժիլ նոյն եղանակով եւ հանրութեան մօտ արդէն իսկ կայ մտավախութիւն, որ այս դատավարութիւնը երբեք իր աւարտին պիտի չհասնի ու Մարտի 1-ի զոհերու իրաւայաջորդները պիտի զրկուին իրենց արդար իրաւունքներէն:

Զոհերու հարազատներու վերջին քայլը ահազանգ է նախ եւ առաջ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ մասնաւորաբար Արդարադատութեան նախարարին, որոնք ի վիճակի են վերջ տալու շարունակուող խեղկատակութեան: Անյապաղ դիմելով օրէնսդրական քայլերու, կարելիութիւն պէտք է տրուի բոլոր դատաւորներուն իրենց պարտականութիւնները կատարելու աւելի արդիւնաւէտ կերպով, առաջին հերթին կողմերուն պարտադրելով տրամաբանական ժամկէտներու մէջ դատավարութիւնները հասցնելու իրենց աւարտին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment