Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արսէն Ճուլֆալաքեան Վար Դրած Է Պատգամաւորական Մանտաթը

Արսէն Ճուլֆալաքեան Վար Դրած Է Պատգամաւորական Մանտաթը

by MassisPost

Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեան վար կը դնէ պատգամաւորական մանտաթը, իր կատարած գրառման համաձայն, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սփորթի նախարար՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութիւններու պատճառով։

«Կարծում եմ, որ որդեգրած ուղին անհեռանկար է, չի ապահովելու նշեալ ոլորտներում առկայ խնդիրների լուծումն ու զարգացումը: Պատիւ է, որ հնարաւորութիւն ստացայ ծառայել հայրենիքիս նաեւ օրէնսդիրի կարգավիճակում եւ կը ցանկանայի, որ իմ՝ մանտաթից հրաժարուելու այս քայլը եւս դիտուի որպէս այդ ծառայութեան մի մաս, որպէս հերթական կարեւոր, մտահոգիչ ազդակ առ այն, որ զարգացումները Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի ոլորտներում մեծամասամբ սխալ ուղղութեամբ են ընթանում, հաշուի չեն առնուում ոլորտների ներկայացուցիչների մասնագիտական կարծիքները, բացակայում են ոլորտների զարգացման կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ տեսլականները, փոփոխութիւններն անհրաժեշտ արագութիւնն ու տրամաբանութիւնը չունեն», – նշած է Ճուլֆալաքեան:

Ըստ ըմբշամարտի Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու արծաթ մետալակիր՝ Ճուլֆալաքեանի, յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ ամէնէն շատ այս գերատեսչութեան ձախողութիւններուն մասին խօսուած է, սակայն ան չի ցանկար այլեւս մանրամասնել եւ մեկնաբանութիւն տալ լրատուամիջոցներուն։

Մեկնաբանութիւն տալէ հրաժարած է նաեւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցը. «Միակ բանը, որ ես խնդրում եմ ընդունել ի գիտութիւն, պարոն Ճուլֆալաքեանի հանրային հրապարակումն է, որը խնդրել է պարոն Ճուլֆալաքեանն ընդունել ի գիտութիւն: Այս պահին որեւէ մեկնաբանութիւն աւելի անել չեմ կարող»:

Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի համաձայն, հրաժարականի հրապարակումէն յետոյ՝ մէկ շաբաթուայ ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով կրնայ ետ վերցնել հրաժարականի մասին իր դիմումը, եթէ չի վերցներ, ապա իր լիազօրութիւնները կը դադրեցուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment