Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալեն Սիմոնեան Կ’առաջարկէ Հինգ Անգամ Աւելցնել Զրպարտութեան եւ Վիրաւորանքի Պարագային Փոխհատուցման Գումարը

Ալեն Սիմոնեան Կ’առաջարկէ Հինգ Անգամ Աւելցնել Զրպարտութեան եւ Վիրաւորանքի Պարագային Փոխհատուցման Գումարը

by MassisPost

Ազգային Ժողովի փոխ խօսնակ՝ Ալեն Սիմոնեան կ’առաջարկէ ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան համար փոխհատուցման չափը վիրաւորանքի պարագային 1 միլիոն դրամէն դարձնել 5 միլիոն դրամ, իսկ զրպարտութեան պարագային` 2 միլիոնէն 10 միլիոն դրամ:

Ալեն Սիմոնեան կը կարծէ, որ այս ամէնը կը զսպէ այն մարդիկը, որոնք «գայթակղութեան գնալով տարածում են ստայօդ տեղեկութիւններ»,  ինչպէս նաեւ որոշ չափով կ’ազատէ քաղաքացիները «համացանցի աղբէն»։

Սիմոնեանի խօսքով՝ այս քայլն անհրաժեշտ է, ինչ որ չափով ալ ուշացած։

Նախագիծը Սեպտեմբեր 7-ին քննարկուած է  ԱԺ պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի կողմէ եւ կը քննարկուի ԱԺ լիագումար նիստին։

«Գտնում եմ, որ այդ քննարկումը կարեւոր է եւ պէտք է ապահովի աւելի լայն մասնակցութիւն։ Կ’ուզենամ լսել «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան, ինչպէս նաեւ «Իմ քայլի» պատգամաւորների կարծիքները»,- ըսած է Սիմոնեան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment