Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 190-ով, Բուժուածներունը՝ 402-ով, Գրանցուած Է Մահուան 4 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 190-ով, Բուժուածներունը՝ 402-ով, Գրանցուած Է Մահուան 4 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 190-ով՝ հասնելով 44 461-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 4 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Սեպտեմբեր 4-ի ժամը 11-ի սահմաններուն կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած  է 402-ով եւ հասած 39 257-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 2 363 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 213 644-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած է որ 4 հիւանդներն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օր արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով»:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 891-ի, եւս 272 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն, տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուի 4041 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment