Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախի Հանրապետութիւնը Իրողութիւն Է

Արցախի Հանրապետութիւնը Իրողութիւն Է

by MassisPost

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹ

Արցախի Հանրապետութեան 29-րդ տարեդարձն է այսօր:

1991-ին, Խորհրդային Միութեան տարբաղադրման հոլովոյթին, երբ միութեան անդամները հերթաբար կ’անջատուէին կեդրոնական իշխանութենէն եւ կը սկսէին հարթել իրենց ինքնուրոյն եւ ինքնիշխան ուղիները, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ Շահումեանի շրջանի ղեկավարութիւնները, միացեալ նիստով մը, ի լուր աշխարհին, կը յայտարարէին իրենց հանրապետութեան ծննդեան մասին:

Այս բախտորոշ քայլը հետեւեցաւ երեք օր առաջ Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդի ընդունած որոշում-հռչակագիրին, զորս Ատրպէյճանը կը յայտարարէր իբրեւ անկախ հանրապետութիւն: Այս յայտարարութեան մէջ, Ատրպէյճան իր տարածքները կը համարէր 1918-1920 թուականներու սահմանները: Հետեւաբար, այդ թուականներուն, երբ Ղարաբաղ կը գտնուէր հայկական ուժերու հակակշիռին տակ կամ կը նկատուէր «վիճելի տարածք», ինքնըստինքեան նորահռչակ հանրապետութենէն դուրս կը մնար որպէս ինքնավար շրջան: Այս փաստին լոյսին տակ, նոր իրավիճակ մը կը ստեղծուէր արցախահայութեան համար, որ 1988-էն սկսած էր իր պայքարը յանուն Խ. Հայաստանին միացման եւ իր անբռնաբարելի ինքնութեան:

Ստեփանակերտէն սփռուած անկախութեան հռչակագիրը յոյժ կարեւոր փաստաթուղթ մըն է, որուն մէջ կէտ առ կէտ կը բացատրուին այն բոլոր հանգամանքները, որոնցմէ ծնունդ կ’առնէ պետական նոր միաւորը. հոն ի միջի այլոց կը կարդանք.

  –արտայայտելով ժողովրդի 1988-1991 թթ. ԼՂԻՄի եւ Շահումեանի շրջանի իշխանութեան մարմինների օրէնսդրական աքթերով ամրակայուած կամքը, ազատութեան, անկախութեան, իրաւահաւասարութեան եւ բարի դրացիութեան իր ձգտումը,

  –հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճանի մէջ անցկացուող խտրականութեան քաղաքականութիւնը ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան մթնոլորտ է ստեղծել հանրապետութեան հայերի նկատմամբ, ինչն էլ ընդհարման է հասցրել՝ մարդկային մեծաթիւ զոհերով. հայկական խաղաղ գիւղերի տեղահանութեամբ,

  –գտնելով, որ հայ ժողովրդի միաւորելու ձգտումը բնական է եւ համապատասխանում է միջազգային իրաւունքի նորմերին,

  –նկատի առնելով երկրում տիրող իրադրութեան բարդութիւնն ու հակասականութիւնը, ապագայ միութեան իշխանութեան եւ կառավարման միութենական կառուցուածքների ճակատագրի անորոշութիւնը,

  –յարգելով ու հետեւելով մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագրի, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքների մասին միջազգային դաշնագրի, քաղաքացիական ու մշակութային իրաւունքների մասին միջազգային դաշնագրի սկզբունքներին,

  –յոյս դնելով միջազգային ընկերակցութեան ըմբռնումի ու պաշտպանութեան վրայ,

  Հռչակում են ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ կրճատ՝ ԼՂՀ:       

Բնականաբար, Պաքուի հակազդեցութիւնը ոչ միայն ցասումնալից էր, այլեւ՝ ռազմամոլութեամբ թունաւոր: 1988-էն ծայր առած հայ-ազերիական հակամարտութիւնը վերածուեցաւ արիւնալի եւ լայնածաւալ պատերազմի: Ատրպէյճանի վերնախաւը անդրդուելիօրէն կը մերժէր ճանչնալ արցախահայութեան իրաւունքը, կը ցանկար իր սաղմին մէջ խեղդել նորածիլ հանրապետութիւնը, ի սպառ ջնջել հայկական ներկայութեան փաստը Արցախի տարածքէն:

Սակայն, Արցախի հայութիւնը կ’ընթանար իր նպատակասլաց ճանապարհով՝ հաստա՛տօրէն եւ անայլա՛յլօրէն:

Հակադիր կողմերուն կատաղութիւնը հասաւ հոն, ուր հազարաւոր զոհերէ ետք, ազերիական բանակին անփառունակ պարտութենէն յետոյ եւ փրկելու համար իր խայտառակ գահավիժումը, Պաքու 1994 Մայիս 12-ին թախանձեց զինադադար մը, որ ի զօրու է ցայսօր: 1988-էն սկսած շարժումը՝ Ղարաբաղի Հայաստանին միացման, 1991-ին Արցախի անկախութեան հռչակագիրը եւ 1994-ի հրադադարը եղան այն էական հանգրուանները, որոնց լոյսին տակ կրնանք հաստատել, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը փաստ է եւ իրականութիւն:

Աւելի ուշ, ողջունելի քայլով մը, արցախահայեր իրենց հանրապետութեան պաշտօնական անունը մկրտեցին «Արցախի Հանրապետութիւն» անունով: Հանրապետութիւն՝ որ կ’ամբողջացնէ ինքնուրոյն պետութեան մը բոլոր ստորոգելիները՝ դրօշ, հիմներգ, նախագահ, ժողովրդավարական ընտրութիւններ, կառավարութիւն, խորհրդարան, բանակ, տնտեսութիւն, կրթական եւ մշակութային կեանք, անառիկ սահմաններ, արտաքին կապեր եւ շատ մը պաշտօնական թէ անպաշտօնական միաւորներու կողմէ ճանչցուած եւ ընդունուած իրականութիւն եւ փաստ: Անուրանալի եւ անժխտելի իրողութիւն:

Արցախահայութիւնը իսկութեան մէջ Հայաստանին մէկ մասնիկն է: Հասկնալիօրէն ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, ինքնուրոյն է, բայց՝ անտրոհելի եւ անքակտելի Հայաստանէն: Պիտի գայ օրը, երբ պիտի միանայ մայր հայրենիքին: Չմոռնանք որ 1988-ին ղարաբաղեան շարժման կարգախօսն ու մղիչ ուժը «Միացո՛ւմ, միացո՛ւմ» էր: Աւելին, 2019-ին, Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր հրապարակային ելոյթով, համահայկական խաղերու բացման առթիւ, յստակօրէն բանաձեւեց, հաստատեց եւ պնդեց՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»…:

Արցախի Հանրապետութեան մէջ, Մարտ ամսին կատարուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, զգալիօրէն Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնները կը համագործակցին օրինակելի համախոհութեամբ, զիրար սատարելու ոգիով եւ ամէն խոչընդոտ միասնաբար վերացնելու հաստատակամութեամբ: Թէպէտ, չարամիտ տարրեր, երբեմն կը փորձեն պղտորել ջուրերը, որոմներ ցանել չարաբար, վէճեր յարուցել շիլ եւ աթոռամոլական հաշիւներով, բայց նախագահ Արա Յարութիւնեան եկաւ վերջ տալու նման անհեթեթութեանց: Ահա թէ ինչու, սրտանց կ’ողջունենք Նիկոլ Փաշինեան-Արա Յարութիւնեան միասնական քայլերը, համախորհուրդ մարտավարութիւնը, հեզընթաց աշխատելաոճը եւ ուսընդուս ընթանալու վեհանձն վարքագիծը:

Այսօր, երբ կը տօնախմբուի 29-րդ տարեդարձը Արցախի Հանրապետութեան, կարելի չէ չյիշել այն անմնացորդ զոհողութիւնները, որ յանձն առին հայրենի ժողովուրդին բոլոր հատուածները՝ զինուորներէն մինչեւ մայրեր, կամաւորներ թէ բուժքոյրեր, մտաւորականներ թէ պատանիներ, ծերունիներ թէ բանուորներ ու մշակներ: Անոնց նուիրական երազը իրականութիւն է այսօր: Անոնց թափած արիւնն ու քրտինքը պտղաբերած է ազատ ու անկախ Արցախով՝ իր անկոտրում բանակով ու ժողովուրդով:

Այս առթիւ կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ բոլոր անոնց՝ որոնք ինկան Արցախի ազատութեան ճանապարհին: Կ’ողջունենք Արցախի բանակն ու անոր քաջարի մարտիկները՝ մաղթելով անամպ եւ խաղաղ երկինք բազում փորձութիւններէ անցած արցախահայութեան:

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ բի՜ւր ողջոյններ անոր 29-րդ տարեդարձին:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment