Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յաջորդ Հանգրուանը՝ Բանավէճերը

Յաջորդ Հանգրուանը՝ Բանավէճերը

by MassisPost

Անցեալ Հինգշաբթի աւարտեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան համագումարը, որ կը յաջորդէր շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած Դեմոկրատներու համագումարին: Երկու կուսակցութիւններու պարագային ալ այս տարուայ համագումարները կը տարբերէին իրենց նախորդներէն: Համաճարակի պատճառաւ չկային հսկայ մարզադահլիճներ՝ հազարաւոր պատգամաւորներու, համակիրներու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան: Չկար տօնական մթնոլորտ՝ գոյնզգոյն գլխարկներով, պաստառներով ու փուչիկներով: Դեմոկրատականներու միջոցառումը տեղի ունեցաւ առցանց՝ գրեթէ ամբողջութեամբ: Հանրապետական գործիչներու մեծ մասը իրենց ելոյթները ունեցան առանց ժողովուրդի ներկայութեան, ի բացառեալ Փոխ նախագահ Մայք Փէնսէն, որ խօսեցաւ մի քանի հարիւր հրաւիրեալներու առջեւ: Նախագահ Թրամփը միակն էր որ, իր ճառը արտասանեց Սպիտակ Տան պարտէզին մէջ, մօտ երկու հազար հոգիներու ներկայութեան:

Դեմոկրատներու համագումարին ելոյթ ունեցողները շեշտը կը դնէին այն իրողութեան վրայ որ, Թրամփի վերընտրութեամբ կը վտանգուի Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը: Անոնք կը յիշեցնէի, թէ ինչպէս Թրամփ կ՛անտեսէր ընդունուած նորմերը, կը խախտէր օրէնքները, հարցականի տակ կ՛առնէր ընտրութիւններու արդիւնքները եւ պետական կառոյցներու ղեկավարներէն կը պահանջէր հաւատարմութիւն՝ իր անձին, ու զանոնք կ՛ենթարկէր իր քաղաքական շահերուն:

Միւս կողմէ, Հանրապետականները կը յայտարարէին որ, տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը եւ անոնց ընկերակցող անկարգութիւնները, արդիւնք են Դեմոկրատներու վարած քաղաքականութեան: Թրամփ կը խոստանայ որ, վերընտրուելով ինք պիտի գայ «կարգ ու կանոն» հաստատելու:

Ճօ Պայտըն պատասխանելով Թրամփին, կ՛ամբաստանէ զինք անկարգութիւններն ու սպանութիւնները հրահրելու մէջ, միաժամանակ յիշեցնելով որ, քաոսային վիճակները տեղի կ՛ունենան Թրամփի Ամերիկային մէջ:
Մինչ փոխադարձ այս ամբաստանութիւնները կը շարունակուին, յաջորդ կարեւոր հանգրուանը Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք երեք նախագահական եւ մէկ փոխ-նախագահական բանավէճերն են:

Ժամանակէ մը ի վեր, դեմոկրատ քաղաքական շրջանակներ խորհուրդ կու տային Պայտընին, չմասնակցելու Թրամփի հետ բանավէճերուն եւ կամ որոշ պայմաններ առաջարկէ՝ օրինակ Թրամփ պէտք է հանրութեան ներկայացնէ իր հարկային փաստաթուղթերը, որոնք աւանդաբար ցոյց տուած են նախկին բոլոր թեկնածուները, սակայն Թրամփ յամառօրէն կը մերժէ այդ սովորոյթը պահել, կասկածներ յառաջացնելով, որ հոն կան անօրինական գործարքներ: Նոյն մեկնաբաններուն համաձայն, Պայտընի երկրորդ պայմանը պէտք է ըլլայ այն, որ անկախ դիտորդներ տեղւոյն վրայ ստուգեն թեկնածուներուն կողմէ հնչած սխալ կամ սուտ տեղեկութիւնները:

Անցեալ շաբաթ, այս խումբին միացաւ նաեւ Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ՝ Նանսի Փըլոսին, որ ինք եւս պահանջեց Պայտընէն՝ հրաժարիլ Թրամփի հետ բանավէճէն, որպէսզի չիջնայ նոյն մակարդակին եւ զոհ չերթայ անոր ստախօսութիւններուն:

Պայտըն առ այժմ կը պնդէ, որ ինք պատրաստ է բանավէճի եւ պատրաստ է տեղւոյն վրայ սրբագրելու Թրամփի անճշդութիւնները:

Թէեւ ընտրութիւններու օրը Նոյեմբերի 3-ըն է, սակայն Սեպտեմբերի երկրորդ կէսերէն սկսեալ բազմաթիւ նահանգներու մէջ, միլիոնաւոր քուէարկողներ առիթ պիտի ունենան մասնակցելու կանուխ եւ կամ փոստով քուէարկութեան: Նախատեսուած բանավէճերը յատկապէս կարեւոր են նախագահ Թրամփին համար, որ կը ձգտի բարելաւել իր տկար դիրքերը, երբ համագումարներէն ետք կատարուած հանրային կարծիքի հարցախոյզերը կը շարունակեն ցոյց տալ որ, Ճօ Պայտըն կը շարունակէ պահել իր ունեցած փոքր, սակայն կայուն առաւելութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»՚

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment