Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւի Հեռախօսազանգը Փութինին Ցոյց Կու Տայ, Որ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Զարգացման Փուլի Մէջ են. Ա. Քոչարեան

Ալիեւի Հեռախօսազանգը Փութինին Ցոյց Կու Տայ, Որ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Զարգացման Փուլի Մէջ են. Ա. Քոչարեան

by MassisPost

«Ալիեւի անհանգստացած հեռախօսազանգը Վլատիմիր Փութինին ցոյց է տալիս, որ հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները շարունակական են եւ գտնուում են զարգացման փուլում»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցին համոզմունք յայտնեց Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեան։

Յիշեցնենք, որ օրերս Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին իր դժգոհութիւնը յայտնած էր Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին ռազմական նշանակութեան բեռներու նոր խմբաքանակի մատակարարման առթիւ։

Մասնաւորապէս պաշտօնական Պաքուի փոխանցումով, Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւը պնդած է, թէ Յուլիս 17-էն սկսեալ Մոսկուան Հայաստանին շուրջ 400 թոն ռազմական նշանակութեան բեռ մատակարարած է, ընդգծելով, թէ այդ փաստը մտահոգութիւններ կ’առաջացնէ Ատրպէյճանին։ Պաշտօնական Երեւանը առայժմ որեւէ կերպ չէ արձագանգած Ատրպէյճանի ղեկավարի այս յայտարարութեան։

«Վերջին զարգացումների ընթացքում ակնյայտ, պարզ երեւաց, որ Հայաստանում տեղի են ունեցել փոփոխութիւններ նաեւ Զինուած ուժի կառավարելիութեան մակարդակի բարձրացման առումով եւ հիմա, փաստօրէն, պարոն Ալիեւը ինքն էլ, իր անհանգստութիւնները փոխանցելով Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին, հաստատում է, որ իրենց համար պարզ չի Հայաստանում այս փոփոխութիւնները, եւ Հայաստանի զինուած ուժերի կառավարելիութիւնը տեսանելի դառնալը՝ նաեւ Յուլիս դէպքերի ընթացքում դա տեսան, իրանց մօտ անհանգստութիւններ է առաջացրել: Նրանք հիմա դա վերագրում են, որ սպառազինութեան քանակի տպաւորիչ ինչ-որ փոփոխութիւն է տեղի ունեցել, երբ որ որեւէ գաղտնիք չկայ, մենք մեր պայմանագրերի հիման վրայ ձեռք ենք բերում սպառազինութիւն եւ հիմնականում նաեւ Ռուսաստանից: Նոյնը անում է նաեւ Ատրպէյճանը», – ըսաւ Քոչարեան:

«Ազատութեան» հարցին, թէ կարո՞ղ է փակագծեր բանալ, թէ ի՞նչ նշանակութեան բեռի մասին է խօսքը, պատգամաւորը պատասխանեց. «Ոչ, չեմ կարող բացել: Յստակ որ խմբաքանակի ինչ տեսականու մասին է անհանգստութիւնը, ես չեմ ուզում քննարկել, որովհետեւ եթէ դա 400 է, վաղը կարող է լինել 500-600 եւ դա, ըստ էութեան, միտուած է մեր Զինուած ուժերի կարողութիւնների աւելացմանը»:

Անդրանիկ Քոչարեանի համոզումով՝   Ատրպէյճանը կը փորձէ Թուրքիոյ օգնութեամբ բազմազանել իր սպառազինութեան կառուցուածքը եւ հայկական կողմն ալ շատ ուշադիր կը հետեւի այդ զարգացումներուն՝ անոնց հակազդելու համար։

Ի դէպ, խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահի համոզումով, Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարի այն յայտարարութիւնը, թէ Անգարան կ’աջակցի Ատրպէյճանին՝ «գրաւուած» տարածքները ազատագրելու գործով, ցոյց կու տայ, որ Թուրքիան դարձած է սպառնալիք ամբողջ աշխարհի համար եւ շատ դէպքերուն Թուրքիան է, որ կը հրահրէ Ատրպէյճանին որոշակի գործողութիւնները,  ելլելով Կովկասի մէջ ունեցած աշխարհաքաղաքական շահերէն։

«Ազատութեան» հարցին, որ եթէ որոշակի գործողութիւններ ըլլան, թուրք-ատրպէյճանական տանդէմին  հակազդելու հարցով Ռուսաստանի աջակցութիւնը Հայաստանը կը ստանա՞յ, Անդրանիկ Քոչարեան պատասխանեց. «Հայաստանի տարածքում է գտնուում ռուսական ռազմակայան, եւ մենք ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան) անդամ ենք, դրանով ասուած է ամէն ինչ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment