Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանէ Թանտիլեան Վար կը Դնէ «Մանտաթ»ը եւ Կը Դադրեցնէ ԼՀԿ Կառավարման Խորհուրդի Անդամի Գործունէութիւնը

Մանէ Թանտիլեան Վար կը Դնէ «Մանտաթ»ը եւ Կը Դադրեցնէ ԼՀԿ Կառավարման Խորհուրդի Անդամի Գործունէութիւնը

by MassisPost

Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ու համանուն կուսակցութեան անդամ՝ Մանէ Թանտիլեան վար կը դնէ պատգամաւորական մանտաթը լիազօրութիւնները, ինչպէս նաեւ կը դադրեցնէ գործունէութիւնը, որպէս կուսակցութեան կառավարման խորհուրդի անդամ։ Այս մասին պատգամաւորը գրած է իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, մանրամասնելով, որ առողջական խնդիրներու պատճառով այսպիսի որոշում կայացուցած է:

«Տեւական ժամանակ է` ունեմ առողջական խնդիրներ, որոնք այս ընթացքում փորձել եմ լուծել աշխատանքիս հետ զուգահեռ։ Սակայն պարզ դարձաւ, որ դրանք այլեւս անհամատեղելի են պատգամաւորական եւ աշխոյժ քաղաքական գործունէութեան հետ։

Սոյնով թոյլ տուէք տեղեկացնել, որ ստիպուած եմ վայր դնել պատգամաւորական լիազօրութիւններս, ինչպէս նաեւ դադարեցնել գործունէութիւնս՝ որպէս Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան կառավարման խորհրդի անդամ», – գրած է Թանտիլեան։

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է իր քաղաքական  կողմին՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ին, միասին անցած ճանապարհին համար, մաղթած նորանոր յաջողութիւններ՝ ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ շեշտած, որ այս թեմայով այլեւս յայտարարութիւններ ու մեկնաբանութիւններ պիտի չընէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment