Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախը Հայաստան է եւ Վերջ․ Նիկոլ Փաշինեան՝ BBC-ին

Արցախը Հայաստան է եւ Վերջ․ Նիկոլ Փաշինեան՝ BBC-ին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան BBC-ի HARDtalk հաղորդման տուած հացազրոյցին անդրադարձած է Ղարաբաղեան հիմնախնդրին նշելով, որ Ատրպէյճանը յարձակած է Հայաստանի վրայ։

Վարչապետը նշած է, որ խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ Հայաստանի միակողմանի գործողութիւններու արդիւնքով, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը մեղադրելով ռազմական հռետորաբանութեան ու հիմնախնդիրը ուժով լուծելու փորձերուն մէջ։ «Արցախը դա Հայաստան է, եւ վերջ»,- ըսած է Փաշինեան։

«Ինչո՞ւ եմ ես ասում, որ Արցախը դա Հայաստանն է։ Առաջինը, որովհետեւ Արցախը մի քանի հազար տարի բնակեցուել է բնիկ հայերով։ Եւ, ի դէպ, Արցախ անունը մի քանի հազար տարեկան է»,- նշած է Փաշինեան։

Հաղորդավարը հարցուցած է, թէ Հայաստանը պիտի շարունակէ՞ մնալ Ռուսաստանի դաշնակիցը, թէ՞ պիտի շարժի դէպի Եւրոպական միութիւն ու ՆԱԹՕ։

Նիկոլ Փաշինեան ի պատասխան ընդգծած է, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի ռազմավարական գործընկերը։ Անոր զուգահեռ, Հայաստանը ներքաղաքական բարեփոխումներ կատարելու համար հիմնական աջակցութիւնը կը ստանայ Եւրոպական միութենէն։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան BBC-ի HARDtalk հաղորդման եթերով անդրադարձած է նաեւ Ռուսաստանի, Եւրոպական Միութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ Փաշինեան նշած է, որ նշուած երկիրներու բոլորին հետ Հայաստան ունի տարբեր մակարդակներու վրայ, բայց շատ լաւ յարաբերութիւններ:

«Ռուսաստանը Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է անվտանգութեան առումով, մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ենք. միութիւն, որն ունի բացառապէս տնտեսական ուղղուածութիւն։ Եւ մենք ստորագրել ենք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր Եւրամիութեան հետ։ Եւ, ի դէպ, Եւրամիութիւնը մեր հիմնական գործընկերն է բարեփոխումների օրակարգի իրականացման ճանապարհին։ Մենք բաւականին արդիւնաւէտ կերպով համագործակցում ենք ՆԱԹՕ-ի հետ եւ մասնակցում ենք ՆԱԹՕ-ի խաղաղարար առաքելութիւններին Աֆղանիստանում, Լիբանանում, Քոսովոյում եւ Մալիում։ Բացի այդ, մենք արդիւնաւէտ կերպով համագործակցում ենք Միացեալ Նահանգների հետ ռազմական ոլորտում»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը նշած է, որ ռազմավարական գործընկերութիւնը կը նշանակէ երկարաժամկէտ համագործակցութիւն, սակայն Հայաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Իրանի հետ, նոյնքան լաւ յարաբերութիւններ՝ Միացեալ Նահանգներուն հետ։

Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է, եւ ընդդիմութիւնը ազատօրէն կ’արտայայտէ իր տեսակէտը։ Այս մասին BBC-ի HARDtalk հաղորդման տուած հացազրոյցին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով ընդդիմախօսներու քննադատութիւններուն։ «Ես երջանիկ եմ, որ Հայաստանում ընդդիմութիւնը հիմա գործում է աւելի ազատ, քան նախքան յեղափոխութիւնը»,-ըսած է Փաշինեան։

Անդրադառնալով դատական համակարգի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ու նախկին պաշտօնեաներու նկատմամբ քրէական գործերուն, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է․ «Ես չեմ որոշում, թէ երբ պէտք է կալանաւորել, երբ ազատ արձակել»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment