Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամուլսարի Հանքավայրի Մօտ Լարուած Իրավիճակ Եւ Բախումներ

Ամուլսարի Հանքավայրի Մօտ Լարուած Իրավիճակ Եւ Բախումներ

by MassisPost

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4-ի առաւօտեան «Լիտիան Արմենիայ» ընկերութեան պատկանող ոսկի հանքի պահակները դէպի Ամուլսար տանող ճանապարհը փակած աքթիւիսթներու տնակները քանդած են ու անոնց փոխարէն տեղադրած՝ իրենց տնակները:

Աւելի ուշ աւելի մեծ խումբով բնապահպաներ ժամանած են Ամուլսար՝ իրենց նախկին դիրքերը գրաւելու նպատակով: Դէպքի վայր ժամանած են ոստիկաներ, որոնց ներկայութեան տեղի ունեցած են բախումներ՝ երկու կողմերուն միջեւ: Ոստիկաները ձերբակալած են Լիտիանի պահակներէն մի քանին:

«Դիրքերը յետ ենք գրաւելու», – ըսած է «Կանաչ Հայաստան» կազմակերպութեան ղեկավար՝ Հայկ Գրիգորեան: – «Էն կէտերն են գրաւել, որտեղից իրենք հանգիստ կարող են մուտք գործել Ամուլսարի տարածք, անել իրենց աշխատանքները: Իսկ դա մենք չենք կարող թոյլ տալ, հետեւաբար այդ դիրքերը յետ պիտի վերցնենք մեզ»:

«Լիտիան» յայտարարած է, որ երկու տարի շարունակ բախումներէն խուսափած են, տեղւոյն աշխատանքներու կատարման միակ խոչընդոտը եղած է «Լիտիան»ի ձեւակերպումով «իրենց տարածք ներխուժած խումբը: Ոստիկանութիւնը իրենց դիմումներուն չէ արձագանգած, եւ ահա «Լիտիան» ինքը տարածքէն հեռացուցած է ապօրինի գոյքը» վագոնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment