Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 196-ով, Բուժուածներունը՝ 511-ով, Գրանցուած Է Մահուան 6 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 196-ով, Բուժուածներունը՝ 511-ով, Գրանցուած Է Մահուան 6 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Երեքշաբթի օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 196-ով՝ հասնելով 39 298-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 6 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Օգոստոս 4-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակուած տուալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 511-ով եւ հասած 30 372-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1069 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 168164-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առոջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ հիւանդներուն ամենաերիտասարդը 47 տարեկան եւ ամենատարեցը 71 տարեկան եղած են։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 768-ի, եւս 228 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 7 930 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment