Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի ՊՆ Դաւիթ Տոնոյեան Այցելած է Արցախի Զօրամասեր ու Առանձին Ստորաբաժանումներ

Հայաստանի ՊՆ Դաւիթ Տոնոյեան Այցելած է Արցախի Զօրամասեր ու Առանձին Ստորաբաժանումներ

by MassisPost

Յուլիս 30-31-ին, աշխատանքային այցով Արցախ կը գտնուէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` գեներալ-մայոր  Ճալալ Յարութիւնեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Պաշտպանութեան Բանակի կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող շարք մը զօրամասեր ու առանձին ստորաբաժանումներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած է ընկերա-կենցաղային պայմաններուն ու ծառայութեան հետ կապուած այն խնդիրներուն, որոնք լուծման կարիք ունին: Տոնոյեան առաձին ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ Պաշտպանական Բանակին մէջ վերջին շրջանին ներդրուած նորագոյն զինատեսակներուն ու արդիականացուած արդիւնաբերական միջոցներուն եւ դեռեւս ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներու ընթացքին:

Երկու նախարարները այցելած են Պաշտպանական Բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրային ու թիկունքային նշանակութեան տարբեր կեդրոններ, ուր անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային ընթացիկ եւ հաւանական զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ այդ համաթեքսթով՝ մասնաւորապէս այն համակարգային ընելիքներուն, որոնք դրուած են պաշտպանական գերատեսչութիւններուն առջեւ:

Դաւիթ Տոնոյեան, պատասխանելով լրագրողի հարցին, անդրադարձած է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կոշտ հռետորաբանութեան, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի նախագահի «քանի դեռ ուշ չէ, ազատէք մեր տարածքները» յայտարարութեան, նշելով, որ հայկական կողմի համար հասկնալի չէ, թէ ե՞րբ է այդ ուշը: Իսկ այդ հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի, նախագահի համապատասխան հրամանին սպասելու մշտական յայտարարութիւններու առնչութեամբ ըսած է, որ հայկական բանակը եւս կը սպասէ հրամանի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment