Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յուլիս 31-ին Հայաստանի Մէջ Հաստատուած Է Covid-19-ի 354 Նոր Դէպք, Առողջացած Է 631 Մարդ

Յուլիս 31-ին Հայաստանի Մէջ Հաստատուած Է Covid-19-ի 354 Նոր Դէպք, Առողջացած Է 631 Մարդ

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւերը Հայաստանի մէջ աստիճանաբար կը նուազին։ Անցեալ մէկ օրուայ մէջ կատարուած 1982 հետազօտութիւններէն 354-ը դրական եղած է, այսինքն վարակուած եղած են հետազօտուածներուն շուրջ 18 տոկոսը։ Առողջացած է վարակուածներէն գրեթէ կրկնակի աւելի շատ՝ 631 մարդ։

Ընդհանուր առմամբ՝ այս պահի դրութեամբ հաստատուած 38550 դէպքէն 28997-ը առողջացած է, 738-ը՝ մահացած, փաստացի կը բուժուի 8587 քաղաքացի։

Չնայած վարակուածներու թիւի որոշակի դրական տեղաշարժին, վերջին օրուայ ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրէն մահուան 10 դէպք, ամենաերիտասարդը՝ 41, ամենատարեցը՝ 82-ամեայ տղամարդիկ էին: Մահացած 10 քաղաքացիներն ալ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ ունեցած են ։ Նախարարութենէն նաեւ յայտնած են՝ 3 մարդու մօտ ալ հաստատուած եղած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, բայց մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութիւններու պատճառով։

Նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեանի խօսքով՝ թէեւ տարրալուծարանները ի վիճակի են օրական մինչեւ 2500 եւ աւելի հետազօտութիւն ընելու, բայց քանի որ վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին մարդոց դիմումները նուազած են՝ չափորոշիչներու փոփոխութիւն կատարուած է, թէ ի՞նչ գանգատներու պարագային կարող են քաղաքացիները դիմել դարմանատուն անվճար հետազօտուելու ու քննութիւն կատարելու համար:

«Եթէ նախկինում, օրինակ, 38,5 աստիճան ջերմութիւն ունեցող քաղաքացիները կարող էին հետազօտութիւն անցնել, ապա այժմ արդէն 37,5 ջերմութիւն ունեցող, նաեւ շնչառական եւ այլ կասկածներ ունեցող հիւանդները կարող են դիմել իրենց դարմատուն եւ հետազօտուիլ», – ըսաւ Առողջապահութեան Նախարարութեան խօսնակը:

Ընդհանուր առմամբ՝ մինչեւ այս պահը, Հայաստանի մէջ կատարուած է 163736 հետազօտութիւն: Նիկողոսեան ըսած է, որ պէտք է շարունակել դիմակ կրել, պարբերաբար հականախել ձեռքերը ու ընկերային հեռաւորութիւն պահել։

Նոյնը կը պնդէ նաեւ ինքնամեկուսացման գործընթացներուն մասնակցող Նարեկ Վանեսեան, որ Երեւանի նախկին քարանթինային գրասենեակի ղեկավարը եղած է: 120 օր՝ առանց տուն երթալու, քարանթինային գօտիները աշխատելէն յետոյ, երբ թիւերը արդէն կը նուազէին, Վանեսեան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։ Կը բուժուի ինքնամեկուսացուած, կնոջ ու անչափահաս երեխային հետ նոր սկսած է հեռախօսով հաղորդակցիլ։ Սաստիկ ցաւերէն օրեր անց, երբ արդէն ի վիճակի եղած է խօսելու «Ազատութեան» հետ Նարեկ Վանեսեան ըսած է, որ կը հասկնամ  մարդոց, որ ամրան այս տապին կը դժուարանան դիմակ կրել, բայց չկրելը աւելի վտանգաւոր է։

Շուրջ 3 ամիս, «Նորք ինֆեքցիոն քլինիկական կեդրոն»-ի բժիշկ-համաճարակաբան Ելենա Սիլքան տուն չէ գացած, միայնակ թողնելով խնամքի կարիք ունեցող մօրն ու երկու երեխաները։ 24 ժամ շարունակ պաշտպանիչ արտահագուստով եղած է, դիմակը պարբերաբար փոխած է, պաշտպանիչ ակնոցը մէկ վայրկեան չէ հանած, բայց այդուհանդերձ չէ կրցած խուսափիլ վարակէն։ Մեկուսացած է հիւանդանոցին կից հիւրանոցին մէջ։

Բժիշկ-համաճարակաբանը ըսած է, թէ ինքն ու իր գործընկերները ամիսներ շարունակ Covid-ի դէմ կռիւ տալէն ու մարդոց մահուան ճիրաններէն փրկելէն յետոյ, երբեմն թեւաթափ եղած են, երբ լսած ու կարդացած են դիմակ չկրելու եւ ժահրին չհաւատալու քարոզներ: «Չեմ ընդունում այդպիսի մարդկանց, որոնք ընկնելով քաղաքականութեան յետեւից այդպիսի յօդուածներ են հրապարակում կամ ելոյթներ են ունենում, տարածում են ապատեղեկատուութիւն եւ վտանգում բնակչութեան առողջութիւնը: Դրանով իրանք միայն խանգարեցին մեր աշխատանքին», – ըսաւ բժիշկ-համաճարակաբանը:

Աւելի վաղ, առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշած էր՝ թէ ժահրի տարածման ծանր շրջանին Ռուսաստանի եւ Իտալիոյ բժշկական անձնակազմի 20-30 տոկոսը վարակուած էր Covid-ով, Հայաստանի մէջ այդ թիւը տատանուած է մինչեւ 7-8 տոկոս։ Հարցազրոյցէն շաբաթներ ետք նախարարութենէն ըսին, որ նոր տուեալներ դեռ չունին, թէեւ ընդգծեցին, որ մինչ օրս Covid-ը նաեւ 5 բուժաշխատողի կեանք խլած է ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment