Home ՀՆՉԱԿԵԱՆ Պարգեւատրում «Արարատ» Օրաթերթի Տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան Եփրեմեանի

Պարգեւատրում «Արարատ» Օրաթերթի Տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան Եփրեմեանի

by MassisPost

Հովանաւորութեամբ Խմբագիրներու սենտիքային, Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի մէջ Ոսկերիչներու եւ ոսկեզարդերու արդիւնաբերութեան սենտիքան պարգեւատրեց «Արարատ» օրաթերթի պատասխանատու տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան Եփրեմեանը, Խմբագիրներու սենտիքայի Ժողովներու Դահլիճին մէջ, Հազմիէ:

Հանդիսութեան ներկայ էին նախկին երեսփոխան, ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան, Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժահի ներկայացուցիչ Ալան Նասրաուի, ՀԿՄԲ-ի ատենապետ Արամ Մալեան, նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեան, ՀՀ դեսպանութեան մշակութային կցորդ Դաւիթ Ալավերտեան, գերապատիւ հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան, «Արարատ» օրաթերթի անձնակազմը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ լիբանանեան ֆիլմաշխարհի նշանաւոր բեմադրիչ Գարմէն Լապաքի, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ այս արտակարգ պայմաններուն մէջ հաւաքուած ենք պարգեւատրելու անձ մը, որ լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ ունի իր գերակշիռ դերը, ըլլալով Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան երկարամեայ ատենապետուհին, տաղանդաւոր ասմունքող եւ «Արարատ» թերթի պատասխանատու տնօրէնուհին՝ Անի Եփրեմեանը:

Խմբագիրներու սենտիքան ըլլալով այն ամբիոնը, որ կ՛արտայայտէ բոլոր լիբանանցիներուն ազատ կարծիքը, յստակ գաղափարը եւ անկեղծ խօսքը, սենտիքայի նախագահ Ժոզէֆ Քոսէյֆի մեծ պատիւ համարեց հովանաւորել այս պարգեւատրումը եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Հայաստանը չմեռաւ, որովհետեւ հայ ազգը ողջ է, կը կերտէ իր ճակատագիրը եւ երբեք չի յանձնուիր: Հայ ժողովուրդը յաղթանակեց, որովհետեւ պահեց իր լեզուն, իր աւանդոյթը, սովորութիւնները եւ իր կեանքի մշակոյթը. պահեց իր գրիչով, իր փետուրով, իր արհեստով ու արուեստով: Հայ ժողովուրդը պնդեց կերտել իր գոյութիւնը, հաստատել իր ներկայութիւնը:

Ան աշխարհը ապշեցուց ոտքի կանգնելու եւ ինքնակերտումի իր կարողութեամբ»: Քոսէյֆի ըսաւ, որ այսօրուան պարգեւատրեալը այն հերոսներու շարքէն է, որոնք մահին ընդմէջէն կեանք մշակեցին, խաւարէն լոյս ծնունդ տուին, ծուռումուռ տողերու վրայ ուղիղ գրեցին: Ան աւելցուց, որ Եփրեմեան ծառայեց արդար խօսքով եւ խօսքի իրաւունքով, եւ իր տնօրինած «Արարատ» օրաթերթով կը հետեւի լիբանանեան հայրենիքի բոլոր հոգերուն, ճիւղաւորումներուն եւ հանգոյցներուն: Քոսէյֆի իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ հայերը հաւատարիմ են Լիբանանին, եւ մենք որպէս Խմբագիրներու սենտիքա հպարտ ենք Անի Եփրեմեանով, որ իր ձիրքերը դրած է ի սպաս իր ծննդավայր հայրենիքին եւ որ արժանի է այս իւրայատուկ պարգեւատրման, ուստի կը շնորհաւորենք զինք ու կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

ani-3

Ոսկերիչներու եւ ոսկեզարդերու արդիւնաբերութեան սենտիքայի նախագահ Պօղոս Քիւրտեան նշեց, որ այս պարգեւատրումը կու գայ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնութեան, որ միշտ եղած է Ոսկերիչներու սենտիքայի կողքին եւ բարձրաձայնած է անոր խօսքը եւ իր մամուլին միջոցով սենտիքային ձայնը հասցուցած է բոլոր հայերուն: Ան պատիւ համարեց ադամանդեայ վահանը առ ի գնահատանք եւ շնորհակալութիւն յանձնել տիկին Եփրեմեանին, որ եղած է եւ կը մնայ հաւատարիմ պայքարող ի խնդիր հայ գիրին ու խօսքին, եւ որ իր իւրայատուկ կատարումներով գոհար խօսքեր կ՛արտայայտէ եւ անոր տողերուն կու տայ բանաստեղծութեան եւ մշակոյթի գեղեցկագոյն իմաստները, եւ կը շարունակէ ըլլալ հայ մշակոյթի գլխաւոր ջահակիրներէն մին:

Ապա, պարգեւատրեալ Անի Սարաֆեան Եփրեմեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց պարոնայք Պօղոս Քիւրտեանին եւ Ժոզէֆ Քոսէյֆիին, եւ իրեն համար պատիւ համարեց այս պարգեւատրումը: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիբանան հայրենիքին, մայրիներու երկրին հանդէպ, որ գրկած է իր բոլոր զաւակները, ընդ որում հայկական համայնքը, եւ անոնց տուած է քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները եւ տանտէր համարած է զանոնք:

«Արարատ»ի տնօրէնուհին ըսաւ, որ Հնչակեան կուսակցութեան դրօշին տակ լոյս տեսնող օրաթերթը իր հիմնադրութեան թուականէն` 1937-էն մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, հակառակ բոլոր տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն: Ան ապա խօսեցաւ «Արարատ»ի մասին, որ կ՛ընդգրկէ երիտասարդ, կարող եւ աշխոյժ աշխատակազմ, պատրաստելով գիտական, տընտեսական, կնոջական, մշակութային, մարզական եւ քաղաքական էջեր: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Արարատ»ի իւրաքանչիւր աշխատակիցի, խոստանալով շարունակել առաքելութիւնը եւ միասնաբար լոյս սփռել այսօրուան խաւարին մէջ:

ani-2Եփրեմեան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիսութեան կազմակերպիչներուն եւ մաղթեց որ մեր սիրելի Լիբանանը թօթափէ իր վրայէն փոշիները եւ դարձեալ ոտքի կանգնի, որպէսզի անգամ մը եւս ըլլայ միտքի եւ լոյսի փարոս եւ օրինակելի երկիր մը՝ արաբական աշխարհին մէջ: Ան Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահին նուիրեց «Արարատ» քոնեակ, ըսելով` որ այդ կը խորհրդանշէ Արարատ լեռը եւ կը կրէ օրաթերթին անունը:

Նախարար Ռիշար Գույումճեան խօսք առնելով ըսաւ, որ հայերը պատահմամբ չէ որ Լիբանան եկան, այլ եկանք ու ապրեցանք հոս, որովհետեւ Լիբանան ազատութեան երկիր է, ուր կերտեցինք մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները, Լիբանանը ըլլալով պահապանը մեր գոյութեան եւ հաւատքին: Ան նշեց, որ «Արարատ» օրաթերթին եւ Հնչակեան կուսակցութեան դերն ալ պատահական չեն Լիբանանի մէջ, որովհետեւ հայերը երբ սփիւռք եկան, իրենց հետ բերին կուսակցութիւնները, լեզուն, մշակոյթը եւ հոս շարունակեցինք մեր քաղաքակրթութեան ուղեւորու թիւնը:

«Արարատ»ն ալ, իր կարգին, հիմնական դեր խաղցաւ պահելու հայոց լեզուն, հայկական աւանդութիւնը եւ ժառանգութիւնը: Գույումճեան շնորհաւորեց Անի Եփրեմեանը եւ կորով ու յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական քոնեակով:

«ԱՐԱՐԱՏ»

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment