Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Չաւուշօղլուի՝ Հայաստանը Օգտագործած է Համաճարակի Առիթը եւ Յարձակած Ատրպէյճանի Վրայ

Ըստ Չաւուշօղլուի՝ Հայաստանը Օգտագործած է Համաճարակի Առիթը եւ Յարձակած Ատրպէյճանի Վրայ

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն տեսակապի միջոցով մասնակցած է Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական համագումարին, գրած է ermenihaber.am-ը։

Չաւուշօղլուն անդրադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային լարուածութեան խնդիրին։ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը, խեղաթիւրելով իրականութիւնը, Հայաստանը մեղադրած է համաճարակային իրավիճակը օգտագործելու եւ Ատրպէյճանին վրայ յարձակելու մէջ։

Ան մասնաւորապէս նշած է․ «Համավարակի շրջանին, երբ կը սպասենք, որ բախումները պէտք է աւարտին, երբ կը ջանանք այս իրավիճակը վերափոխել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան առիթի, Հայաստանը այս ընկալման հակառակ կը գործէ եւ կ’օգտագործէ համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակը, ինչպէս ականատես եղանք Ատրպէյճանի տարածքներուն ուղղուած յարձակումներու պարագային»։

Համագումարին տեսակապով մասնակցած են նաեւ Ատրպէյճանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովը, Ճափոնի Արտաքին Գործերու հարցերով պատասխանատու պետնախարար Սուզուքկի Քեիսուքեն, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ եւ ՄԱԿ-ի Ասիայի եւ Խաղաղ ովկիանոսի երկիրներու համար Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովի գործադիր քարտուղար Արմիտա Սալսիահ Ալիսճահապանան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment