Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ The Washington Post-ի Կոշտ Քննադատւթիւնը Ուղղուած Ատրպէյճանի Բռնապետին

The Washington Post-ի Կոշտ Քննադատւթիւնը Ուղղուած Ատրպէյճանի Բռնապետին

by MassisPost

Ամերիկեան հեղինակաւոր  The Washington Post թերթը կոշտ քննադատած է Ատրպէյճանի առաջնորդը, որակելով զինք անզուսպ բռնապետ, որու գործողութիւնները սեփական ընդդիմախօսներուն դէմ մտահոգիչ պէտք է ըլլան բոլորին համար:

«Իլհամ Ալիեւը ափերէն դուրս եկած է», – գրած է խմբագրականը, անմիջապէս յիշեցնելով, որ մինչ այդ ալ Ատրպէյճանի նախագահը առանձնապէս բարեացակամ չէ եղած անկախ լրագրողներու կամ ընդդիմախօսներու հանդէպ: «Փետրուարեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ միջազգային դիտորդները արձանագրած էին իրական քաղաքական մրցակցութեան լիակատար բացակայութիւն», – կը փաստէ The Washington Post-ը շարունակելով. – «Հիմա ալ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի, նաւթի գնանկման ու Հայաստանի հետ լարուածութեան ֆոնին պարոն Ալիեւը յանկարծ բացայայտած է թշնամիներու «հինգերորդ շարասիւնը»` ի դէմս ընդդիմութեան, ու սկսած են զանոնք բանտերը նետել»:

«Ալիեւի զայրոյթի նոպաները կը սպառնան հողին հաւասարեցնել Ատրպէյճանի անկախ քաղաքական ուժերու վերջին մնացորդները», – կը զգուշացնէ The Washington Post-ը` մանրամասն պատմելով ընթերցողին, թէ ինչպէս դեռ մարտին Ատրպէյճանի առաջնորդը հրապարակաւ խոստացած էր պայքարիլ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ եւ այդ համաթեքսթում խօսիլ «դուրսի ֆինանսաւորումով աշխատող ներքին թշնամիներու» մասին, որոնց «մեկուսացումը դարձած է պատմական անհրաժեշտութիւն»:

Ամերիկեան պարբերականը կը փաստէ, որ այս ելոյթէն յետոյ Յուլիս 12-ին սկսաւ հայ-ատրպէյճանական բախումը, որ կողմերու միջեւ առաջին ընդհարումն էր 2016 թուականէն ի վեր. – «Զոհուեցաւ 11 Ատրպէյճանցի զինուորական, անոնց կարգին` մէկ  զօրավար, եւ մէկ քաղաքացիական անձ, որմէ ետք Պաքուի մէջ բանակի պաշտպանութեան նուիրուած ցոյց սկսաւ: Խումբ մը ցուցարարներ կարճ ժամանակով ներխուժած էին խորհրդարան, մինչ ոստիկանութիւնը անոնց դուրս կը հանէր, զայրացած ամբոխը նաեւ քանի մը ոստիկանական ինքնաշարժ շրջած էր: Ալիեւ այս ցոյցը օգտագործեց որպէս պատրուակ` «հինգերորդ շարասիւնը» հետապնդելու համար», – կը գրէ The Washington Post-ը, ընդգծելով, որ միջադէպի յաջորդ օրը երկարաշունչ ելոյթով Ալիեւ յարձակեցաւ Ատրպէյճանի ամենամեծ ընդդիմադիր ուժի` «Ժողովրդական ճակատ»-ին վրայ:

Ամերիկեան պարբերականը կը յիշեցնէ, որ լարուած այդ օրերուն, ընդդիմադիր ուժի առաջնորդ Ալի Քերիմլին ելոյթ ունեցած էր ի օգուտ զինուած ուժերուն ու յայտարարած, որ «մենք կանգնած ենք մեր պետութեան ու բանակի կողքին»: «Ատրպէյճանի նախագահի համար, սակայն, այս խօսքերը ոչ մէկ նշանակութիւն ունին», – կը փաստէ The Washington Post-ը շարունակելով – «Ալիեւը թիրախաւորեց ընդդիմադիրներուն, յայտարարեց, թէ «պէտք է վերջ դնել հինգերորդ շարասիւնին», խոստացաւ երթալ կուսակցութեան «կեղտոտ ու  կաշառակեր առաջնորդներու, վախկոտներու ու դասալիքներու ետեւէն»:

«Աւելին, Ալիեւը պնդած էր, թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը «հայերէն վատ է», – կը գրէ խմբագրականը ու կը փաստէ, որ առաջնորդի այդ ելոյթէն յետոյ Ատրպէյճանի անվտանգութեան ուժերը սկսան ձերբակալել ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամներուն ու աջակիցներուն:

Ըստ The Washington Post-ի աղբիւրներուն, այս պահի դրութեամբ՝ Ալիեւի վարչակազմը ազատազրկած է առնուազն 120 մարդ, որոնց կարգին՝ ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդներ ու լրագրողներ կան: Շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ դատապարտած են ընդդիմութեան դէմ բռնաճնշումներու հերթական այս ալիքը:

«Երկաթեայ բռունցքով ընդդիմախօսները ոչնչացնելու Ալիեւի քաղաքականութիւնը կը հակասէ ժողովրդավարութեան, եւ ճիշդ այդ է պատճառը, որ այս անզուսպ բռնապետի գործողութիւնները պէտք է մտահոգութեան առարկայ դառնան իւրաքանչիւրի համար», – եզրափակած է The Washington Post-ի խմբագրականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment