Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Կը Բացառէ Ալիեւի Հետ Հանդիպումը Քանի Դեռ Ատրպէյճան Կացութիւնը Կը Պահէ Լարուած

Փաշինեան Կը Բացառէ Ալիեւի Հետ Հանդիպումը Քանի Դեռ Ատրպէյճան Կացութիւնը Կը Պահէ Լարուած

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան բացառած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման հնարաւորութիւնը, քանի դեռ հայ-ատրպէյճանական լարուածութիւնը չէ հանգուցալուծուած:

«Մեզի համար անընդունելի են սպառնալիքներով Հայաստանը բանակցային գործընթացի մէջ ներքաշելու փորձերը», – ռուսական հեռատեսիլի ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Փաշինեան, ընդգծելով, թող որեւէ մէկը պատրանքներ չունենայ, թէ կրնայ Հայաստանի հետ խօսիլ սպառնալիքներու լեզուով:

Պատասխանելով հարցին, թէ որու ձեռնտու էր վերջին լարուածութիւնը, Փաշինեան յիշեցուցած է, թէ Ատրպէյճանի նախագահը վաղուց կը յայտարարէր խնդիրը ռազմական ճանապարհով կարգաւորելու մասին եւ վերջերս ալ սպառնացած էր ընդհանրապէս դուրս ելլելու բանակցային գործընթացէն:

«Կայ նաեւ մէկ այլ նրբութիւն՝ ինչո՞ւ են ատրպէյճանցիները յարձակում ձեռնարկել ոչ թէ Ղարաբաղի, այլ՝ Հայաստանի պետական սահմանի ուղղութեամբ: Այդ միջադէպից մէկ շաբաթ առաջ յայտարարուեց, թէ հիմա Ատրպէյճանը չի կարող յարձակուել Ղարաբաղի ուղղութեամբ, քանի որ տեղի զինուած ուժերը տեղադրել են տեսադիտարկման սարքեր, եւ Ատրպէյճանի զօրքի իւրաքանչիւր տեղաշարժ տեսանելի է դառնում Ղարաբաղի զինուած ուժերի համար: Բացի այդ, շփման գծի մերձակայքում բազմաթիւ ատրպէյճանական բնակավայրեր կան, եւ նրանց համար դժուար է յարձակում իրականացնել Ղարաբաղի ուղղութեամբ: Ուստի, նրանք յարձակուել են այնտեղ, որտեղ սահմանը այդչափ համալրուած չէ տեսադիտարկման համկարգերով, եւ ընդ որում, այդ ուղղութեամբ կայ միայն մէկ ատրպէյճանական գիւղ, ինչը եւս շատ յատկանշական փաստ է: Հայկական գիւղերը, մինչդեռ, շատ-շատ են», – ըսած է Հայաստանի վարչապետը:

Փաշինեան նշած է, որ քանի մը անգամ, հրապարակային եւ աշխատանքային միջավայրին մէջ, խորհուրդ տուած է Իլհամ Ալիեւին Հայաստանի հետ սպառնալիքներու լեզուով չխօսիլ, քանի որ «դա որեւէ արդիւնքի չի բերի»: Խօսելով ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման մասին՝ Հայաստանի վարչապետը վերահաստատած է դիրքորոշումը, որու մասին յայտարարած է իշխանութեան գալու առաջին իսկ օրէն, խնդիրը հնարաւոր է լուծել միայն այն ժամանակ, երբ բանակցութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի քուէն ստացած ներկայացուցիչները:

«Եթէ Ատրպէյճանի նախագահն ուզում է, որ Հայաստանի վարչապետը ներկայացնի Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւնների սեղանի շուրջ, ստացուում է, որ նա ասում է, որ Ղարաբաղը Հայաստան է: Հակառակ դէպքում, ինչո՞ւ պէտք է Հայաստանը ներկայացնի Լեռնային Ղարաբաղը», – հարց բարձրացուցած է Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետը միաժամանակ փաստած է, որ պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսման վտանգը դեռ կայ, «քանի որ եղել են ուժեր եւ երկիրներ, որոնք հրահրած են այս հակամարտութիւնը»:

«Առաջին հերթին՝ դա Թուրքիան էր, որ հրահրում էր հակամարտութիւնը: Թուրքիայի նախագահը ոչ միայն չի ճանաչում 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ արդարացնում է Ցեղասպանութիւնը: Եւ կայ մէկ այլ գործօն՝ Թուրքիան, ինչպէս եւ այս դարասկզբին, երազում է վերահսկողութեան տակ առնել Կովկասը: Եւ վերջին 30 տարիներին՝ ԽՍՀՄ (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների Միութիւն) փլուզումից յետոյ, թուրքերը ամէնօրեայ աշխատանք են տանում այդ երազը, այդ նպատակը իրականութիւն դարձնելու համար: Եթէ դա իրականութիւն դառնայ, կարծում եմ՝ առաջին հերթին ռուսաստանցիների համար ակնյայտ է, թէ ինչ հետագայ աշխարհաքաղաքական հնարաւոր հետեւանքներ դա կ’ունենայ», – ըսած է Փաշինեան:

Քննադատելով Թուրքիան՝ Հայաստանի վարչապետը ողջունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ջանքերը, առանձնացնելով յատկապէս Ռուսաստանի «բացառապէս կառուցողական» դերը: Արձագանգելով քննադատութիւններուն, թէ ինչո՞ւ Թուրքիան այդքան կը պաշտպանէ Ատրպէյճանը, մինչդեռ Ռուսաստանը նոյն ոգիով չի սատարեր դաշնակից Հայաստանին, Փաշինեան յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ է, միջնորդ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, եւ անոր գործողութիւնները պէտք է ըլլան այդ համաթեքսթով:

«Ռուսաստանը չի կարող մի կողմ քաշուել այս իրադարձութիւններից, քանի որ այս խնդիրը վերաբերում է ոչ միայն Հայաստանի կենսական կարեւորութեան շահերին, այլեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող հետաքրքրութիւններին: Այստեղ ոչ միայն տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցն է որոշուում, այլեւ՝ համաշխարհային, քանի որ հիմա մեր տարածաշրջանում իրավիճակն այնքան թէժ է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում թէժացումը կարող է բերել համընդհանուր աղէտի»:

Լարուածութեան թուլացման լաւագոյն բանաձեւը, ըստ Փաշինեանին, միջազգային դիտորդներու տեղակայումն է շփման գօտին, որոնք տեղւոյն վրայ կ’արձանագրեն՝ կողմերէն որ մէկը առաջինը խախտած է հրադադարի ռեժիմը:

«Անհրաժեշտ է ստեղծել հրադադարի խախտման դէպքերի մշտադիտարկումի եւ քննութեան մեքենականութիւն: Այս հարցը միշտ է եղել մեր օրակարգում, սակայն, Ատրպէյճանը չի ընդունում այդ առաջարկը: Յոյս ունեմ, որ գոնէ վերջին իրադարձութիւններից յետոյ կու գանք այդ որոշմանը», – ըսած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Փաշինեան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի առաջնորդը մինչեւ օրս անարձագանգ թողած է նաեւ իր առաջարկած բանաձեւը, ըստ որու հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի ժողովուրդներուն համար: «Ես նաեւ առաջարկել եմ հայերին ու ատրպէյճանցիներին դադարեցնել միմեանց հասցէին վիրաւորանքները ընկերային ցանցերում, իրենց դնել դիմացինի տեղը եւ փորձել հասկանալ՝ ինչո՞ւ են հայերն այդպէս մտածում, կամ՝ ինչո՞ւ են ատրպէյճանցիները այդ կարծիքինօ, – նշած է Փաշինեան, ընդգծելով, որ Հայաստանի պաշտօնական հռետորաբանութեան մէջ ատելութիւն չկայ, ինչ որ կարելի չէ ըսել Ատրպէյճանի կառավարութեան մասին:

Անդրադառնալով Ռուսաստանի մէջ հայաստանցիներու ու ատրպէյճանցիներու միջեւ անցեալ շաբաթ արձանագրուած բախումներուն, Փաշինեան պնդած է, որ անոնք ոչ միայն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական հռետորաբանութեան արտայայտութիւնն են, այլեւ Ռուսաստանը ապակայունացնելու եւ Ռուսաստանը ազգամիջեան բախումներու թատերաբեմ դարձնելու փորձ:

«Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ չի կարելի տրուել այդ սադրանքներին, քանի որ Ռուսաստանի կայունութիւնը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի մեզ համար: Եւ իմ կոչն է դադարեցնել այդ ամէնը: Ռուսաստանում ապրողները պարտաւոր են հետեւել ՌԴ օրէնքներին ու կանոնադրութեանը: Այն, ինչ կատարուում է, հակասում է ոչ միայն օրէնքին, այլեւ բարոյական նորմերին», – ընդգծած է վարչապետը:

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է RT կայանի ղեկավար՝ Մարկարիթա Սիմոնեանի մեղադրանքներուն: Լրագրողի հարցին արդեօք կարդացած է Սիմոնեանի գրառումը, Փաշինեան ըսած է, որ չէ կարդացած, բայց ծանօթ է բովանդակութեան:
Մեկնաբանելով Հայաստանի նախկին նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդման հարցով մեղադրանքները, Փաշինեան նշած է, որ Ռուսաստանի դաշնակիցները առանձին քաղաքական գործիչները չեն, այլ հայ ժողովուրդը: ՚Ռուսաստանում պէտք է հասկանան, որ Հայաստանում Ռուսաստանի դաշնակիցը Փաշինեանը, Պետրոսեանը, Պօղոսեանը, Սարգսեանը, Քոչարեանը չեն, դաշնակիցն ու գործընկերը հայ ժողովուրդն են: Սա շատ կարեւոր նրբութիւն էՙ, – ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետի խօսքով, Հայաստանի մէջ բազմաթիւ գործիչներ իրենք զիրենք փորձած են Ռուսաստանի գործընկեր ներկայացնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment