Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրուկուէյի Իշխանական եւ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Մերժած են Ատրպէյճանի Յարձակումները Հայաստանի Դէմ

Ուրուկուէյի Իշխանական եւ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Մերժած են Ատրպէյճանի Յարձակումները Հայաստանի Դէմ

by MassisPost

Ուրուկուէյի նախագահ՝ Լուիս Լատալէ Փոույի Ազգային կուսակցութեան վարչութիւնը յատուկ յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ կատարուող պատերազմական գործողութիւններու կապակցութեամբ: Աւանդական ազգային «Ճերմակ» իշխող կուսակցութիւնը կոչ ըրած է երկու կողմերուն յարգելու միջազգային պայմանաւորուածութիւնները եւ խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ, հիմնուած ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:

Իր հերթին, իշխանութեան մաս կազմող միւս աւանդական «Քոլորատօ» կուսակցութեան գործադիր կոմիտէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի դէմ մերժուած են, եւ կոչ կ’ուղղուի դադրեցնելու պատերազմական հռետորաբանութիւնը եւ բանակցութիւններու միջոցով հասնիլ խաղաղութեան: «Քոլորատօ» կուսակցութիւնը, որ իշխած է Ուրուկուէյի մէջ աւելի քան մէկ դար, իր զօրակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին, որ իրաւունք ունի ազատութեան եւ խաղաղութեան պայմաններու մէջ իրագործել իր ինքնիշխանութիւնը:

Ընդդիմադիր ձախակողմեան «Ժողովրդական միաւորում» կուսակցութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ ատրպէյճանական այս յարձակումները լայնածաւալ պատերազմ սկսելու վտանգ կը պարունակեն տարածաշրջանի մը մէջ, ուր մշտապէս անկայունութիւն կը տիրէ: Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ինքնորոշ ըլլալու, եւ պէտք չէ մոռնալ, որ ամբողջ մարդկութիւնը պարտք ունի հայ ժողովուրդի հանդէպ, որու դէմ կատարուած է ցեղասպանութիւն անցեալ դարու սկիզբը, նշած է «Ժողովրդական միաւորում» կուսակցութիւնը:

Յիշեցնենք, որ իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ կտրուկ սրուած է Յուլիս 12-ին, երբ ատրպէյճանցի զինծառայողները ՈւԱԶ-ով պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են: Անցեալ շաբաթ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով, պաշտօնական տուեալներով, ատրպէյճանական կողմէն զոհուած է 12 զինուորական, անոնց կարգին՝ զօրավար, գնդապետ եւ այլ բարձրաստիճան սպաներ, ու մէկ քաղաքացիական անձ, հայկական կողմէն՝ 4 զինուորական, որոնցմէ երկուքը՝ սպաներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment