Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ՊՆ. Երէկուայ Գրոհէն Յետոյ, Ծուղակը Ատրպէյճանցի Զինծառայողներ Մնացած են, կը Կատարուի Լրահետախուզում

ՀՀ ՊՆ. Երէկուայ Գրոհէն Յետոյ, Ծուղակը Ատրպէյճանցի Զինծառայողներ Մնացած են, կը Կատարուի Լրահետախուզում

by MassisPost

Ատրպէյճանական յատուկջոկատայինները երէկ՝ Յուլիս 21-ի ուշ երեկոյեան, Տաւուշի մէջ հայկական «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ հերթական յարձակում ձեռնարկած են, յայտնած է պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան ու աւելցուցած, թէ հայկական զինուած ուժերը յաջողած են գրոհը ետ մղել, պատճառելով կորուստներ։ Հայկական կողմը, ըստ խօսնակին, կորուստներ չունի։

«Ըստ նախնական տուեալների` հակառակորդի յատուկ նշանակայինները բացի կորուստներից, ունեցել են նաեւ ծուղակում մնացած զինծառայողներ, որոնք չեն կարողացել կատարել իրենց խնդիրը: Ատրպէյճանական զինուած ուժերի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման ձեռնարկած անյաջող յարձակումից յետոյ այժմ կատարուում է լրահետախուզում», – ըսաւ Ստեփանեան:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, մինչդեռ, հերքած է երէկուայ գրոհի մասին յայտարարութիւնը. «Մեր կողմէն  ոչ մէկ նոր գրոհ այդ ուղղութեամբ չէ եղած։ Հակառակը՝ մեր պետական սահմանի այդ հատուածին մէջ հանգստութիւն կը պահպանուի, մենք ոչ մէկ կորուստ չունինք», – յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Վաքիֆ Տարկեախլին։

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, ռազմական փորձագէտ Արծրուն Յովհաննիսեան այսօր, «Ազատութեան» հետ զրոյցին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է երէկ ուշ երեկոյեան տեղի ունեցած դէպքերու մասին. – «Մեր երկու դիրքերի միջտարածքային հատուածում յայտնուել էին որոշակի ուժեր, որոնք չէին կարողանում դուրս գալ: Մենք փորձում էինք ոչնչացնել կամ գերեվարել, բայց ըստ էութեան, գիշերային մարտն իր բարդութիւններով եւ այլն, կամ դիակներ են թողել. ինքը շատ լաւ դիտարկուող հատուած չի, դրա համար առաւօտ տուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կիրառուեց լրահետախուզում հասկացութիւնը, որ լրացուցիչ հետախուզութեան կարիք ունի այսինքն»:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երէկ յայտարարած էր, թէ հայկական կողմը նախորդ շաբթուայ ռազմական բախման ժամանակ օգնութիւն խնդրած էր Ռուսաստանի գլխաւորած (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) ՀԱՊԿ-էն: «Կռուիր մեզի հետ մէկը մէկի դէմ, կը տեսնենք, թէ ով կը յաղթէ», – դիմելով Հայաստանի վարչապետին` յայտարարած է Ալիեւը:

Ատրպէյճանի նախագահի այս յայտարարութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան ծիծաղելի որակած է. – «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը յստակ մարտական գործողութիւններ վարում են հենց մէկով, միայնակ, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի` չունեն իսլամիստների, միւսների կամ Թուրքիայի նման պետութեան անվերապահ մէջքին կանգնած լինելու հանգամանքը: Մենք կարիքը չունենք որեւէ այլ ուժի: Ինքը խօսում է ՀԱՊԿ-ից, ի՞նչ է, ՀԱՊԿ-ից որեւէ զինուոր եկե՞լ է, մեր զինուորի կողքին կանգնե՞լ է, կրակե՞լ է ատրպէյճանցիների վրայ: Այս ամէն ինչը ծիծաղ է առաջացնում ուղղակի»:

ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան նամակով դիմած է ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Աթթիլա Մեսթերհազիին ու մտահոգութիւն յայտնած, որ խաղաղութեան ուղղուած իր ուղերձը Ատրպէյճանը չէ գիտակցած, աւելին՝ անոր հակադարձած է հայկական աթոմակայանը թիրախաւորելու յայտարարութեամբ։ Միջազգային կառոյցները, ըստ Քոչարեանին, պէտք է գիտակցին, որ այս տարածաշրջանին մէջ ռազմական ճանապարհով հակամարտութիւններուն լուծում չի կրնար ըլլալ։ «Պէտք են քաղաղաքական լուծումներ, ինչը Հայաստանի նոր իշխանութիւնները յստակ ձեւակերպել են», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին աւելցուց պատգամաւորը, համոզում յայտնելով, որ Ատրպէյճանի այս յայտարարութիւնը չի կրնար լայնամաշտապ պատերազմ սկսելու ահազանգ համարուիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment