Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հինգ Օրուայ Մէջ Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամին Փոխանցուած է Աւելի Քան 160 Մլն Դրամ

Հինգ Օրուայ Մէջ Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամին Փոխանցուած է Աւելի Քան 160 Մլն Դրամ

by MassisPost

Հինգ օրուայ մէջ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին փոխանցուած է 160 միլիոն 728 հազար դրամ։ Յուլիս 12-ին Տաւուշի սահմանին վրայ սկսած մարտական գործողութիւններէն յետոյ, բանակին աջակցիլ ցանկացողներու պակաս չկար։ Ֆէյսպուքեան գրառումով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բոլորին յորդորեց Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին փոխանցում ընելու:

Հիմնադրամի մուտքերը աշխուժացան, վարչապետի հաշուարկով՝ սկիզբը՝ երեք րոպէ անգամ մը, ապա՝ 40 երկվայրկեան մէկ հիմնադրամի հաշիւը կը համալրուէր: «Սա ոչ միայն նիւթական, այլեւ շատ աւելի մեծ բարոյական աջակցութիւն է մեր բանակին, մեր պետութեանը», – նշած է վարչապետը:

Վերջին հինգ օրուայ մէջ հիմնադրամի հաշւոյն գումար մուտքագրած են շուրջ 46 երկիրներ ապրող հայեր, բայց աւելի քան 119 միլիոն դրամի փոխանցումով առաջին տեղը կը գրաւեն հայաստանցիները, որոնց գումարի չափը կը տարբերի հազար դրամէն մինչեւ քանի մը տասնեակ միլիոն դրամներ։ Փոխանցուած գումարի չափով երկրորդ տեղը կը գրաւեն ամերիկահայերը, 21 միլիոնէն աւելի, ապա Գանատան ու Ռուսաստանը՝ արդէն թուային մեծ տարբերութեամբ՝ 3,5 եւ 2,5 միլիոն։ Ի դէպ, Թուրքիայէն ալ փոխանցում կայ՝ 3400 դրամ:

Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը ստեղծուած է Հայաստանի ու Արցախի սահմանները պաշտպանած ատեն զոհուած կամ հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ապահովագրելու եւ հատուցումներ տրամադրելու նպատակով: Տաւուշի սահմանին զոհուած կամ հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներու ընտանիքներուն փոխհատուցելու մասին հիմնադրամը արդէն յայտարարած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment