Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 515 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի 515 Նոր Դէպք

by MassisPost

Նախօրդ օրուայ ընթացքին, 2418 հետազօտութիւններէն «Քորոնա» ժահր հաստատուած  է  515 մարդու մօտ, տոկոսային առումով՝ հետազօտուողներու մօտ 21 տոկոսը։ Ինչ որ, ի տարբերութիւն նախորդ ամիսներուն, աւելի ցած ցուցանիշ կը համարուի։

Ըստ առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեանին՝ կատարուած հետազօտութիւնները բաւականին շատ են եւ այս պահուն աշխատանքներ կը տարուին, առաջիկային մինչեւ 4000 հետազօտութիւն կատարելու համար։

«Բարձր թիւ է բաւականին եւ առաջիկայում էլ մենք, էլի, ուժերը փորձում ենք բարելաւել, որպէսզի հնարաւոր լինի մինչեւ 3000 կամ 4000 հետազօտութիւն անել: Այս պահին այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ են ընթանում, այնուամենայնիւ, 2000-ը բաւականին բարձր թիւ է», – ըսաւ Նիկողոսեան:

Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցաւ 33 հազարը։ Երէկ առողջացած է 619, մահացած՝ ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւն ունեցող 11 մարդ, 5-ին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն այլ պատճառով մահացած են ։ Մարտ 1-էն սկսած վարակուած 33005 մարդոցմէ 21348-ը առողջացած են, 592-ը` մահացած։ Վարակուած, սակայն այլ պատճառով մահացածներու ընդհանուր թիւը 189 է։ Այս պահուն հիւանդանոցներու եւ տան մէջ բուժում կը ստանան 10876 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 139220 հետազօտութիւն:

Առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակի փոխանցումով՝ տան մէջ հիւանդանոց փոխադրուող սպասող հիւանդներ չկան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment