Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանցի Ցուցարարները Գրոհեցին Խորհրդարան

Ատրպէյճանցի Ցուցարարները Գրոհեցին Խորհրդարան

by MassisPost

«Պատերազմ  քարանթինի փոխարէն», «Գլխաւոր հրամանատար, մեզ զէնք տուր», անցեալ գիշեր հազարաւոր Ատրպէյճանցիներ այս կարգախօսներու ներքոյ դուրս եկան փողոց, երկրին իշխանութիւններէն պահանջելով Հայաստանի դէմ կտրուկ քայլեր ձեռնարկել։

Թովուզի շրջանի ռազմական անյաջողութիւններու, մասնաւորաբար բարձրաստիճան զինուորականներու մահուան ֆոնին, զինուած ուժերուն հանրային աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով կազմակերպուած այս ցոյցը, սակայն, արագօրէն դուրս եկաւ վերահսկողութենէն։

Ցոյցերու առաջին ժամերուն, Պաքուի կեդրոնական փողոցներով շարժուող երթի մասնակիցներուն հետ ոստիկանները դեռ կը փորձէին ընդհանուր լեզու գտնել։ Այդուհանդերձ, ոչ միշտ կը յաջողէին։ Twitter-ի ատրպէյճանցի օգտատէրերէն մէկը՝ լրագրող Ճաուիտ Աղան, օրինակ, նման դրուագ մը կը ներկայացնէ. – «Երբ ոստիկաններէն մէկը մօտեցաւ ցուցարարներուն եւ ըսաւ, թէ՝ «մենք ռազմաճակատին վրայ 200 հայ սպանած ենք », ցուցարարները սկսան վանկարկել՝ «սուտասաններ»։

Իրադրութիւնը վերջնականապէս անվերահսկելի դարձաւ գիշերը՝ ժամը 4-ի շրջակայքը, երբ ցուցարարները, որոնց թիւը այդ պահուն, որոշ տեղական աղբիւրներու գնահատումով, մօտ 10 հազարի կը հասնէր, մօտեցան խորհրդարանի շէնքին։

«Թուրան» գործակալութեան փոխանցումով՝ այդ պահուն, իրադարձութիւնները սկսան բաւական տարօրինակ  ձեւով զարգանալ։ Չնայած ուշ ժամուն՝ Միլի մեճլիսի դռները բաց էին, շէնքը հսկող ոստիկաններու քանակն ալ՝ աննշան։

Քանի մը տասնեակ ցուցարարներ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեծ դրոշներ ծածանելով, մուտք գործեցին խորհրդարանի նախասրահ՝ շէնքին աննշան նիւթական վնաս պատճառելով։ Անկէ հաշուուած րոպէներ ետք, յատուկ ջոկատայինները մուտք գործեցին Միլի մեճլիսի շէնքը՝ ցուցարարներուն արագօրէն վտարելով տարածքէն։ Միլի մեճլիսի շէնքը բողոքողներէն մաքրելէն յետոյ ոստիկանութիւնը մահակներու, ջրցան մեքենաներու եւ արցունքաբեր կազի կիրառմամբ սկսաւ հետապնդել ցոյցի մասնակիցները։ Ցուցարարները, ի դէպ, աշխուժօրէն կը դիմադրէին, քարերով ու շիշերով հարուածելով ոստիկաններուն, նոյնիսկ շրջեցին ոստիկանական մեքենաներէն երկուքը։

«Մենք հայ չենք», «Մեզի մի ծեծէք», ականատեսներու վկայութեամբ, դիմելով ոստիկաններուն, կը գոռային ցոյցի մասնակիցները, ոմանք ալ կը վանկարկէին «Զաքիր Հասանով», ըստ ամենայնի պահանջելով, որպէսզի պաշտպանութեան նախարարը դուրս գայ ցուցարարներու մօտ։ Բողոքի ցոյցերու մասնակիցները Պաքուի կեդրոնական փողոցները լքեցին վաղ առաւօտեան։

Ատրպէյճանցի ցուցարարներու գրգռուածութեան պատճառը թերեւս այն թերահաւատութիւնն է, որ առկայ է հանրութեան շրջանակին մէջ պաշտօնական տեղեկատուութեան հանդէպ։ Այդ էր պատճառը, որ ցոյցերու ամենաթէժ պահուն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ կոչ ընելով երկրի բնակիչներուն չհաւատալու ռազմաճակատին վրայ տիրող կացութեան մասին ընկերային ցանցերը տարածուող «սադրիչ տեղեկութիւններուն»։

Այսօր՝ Յուլիս 15-ի կէսօրին, համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկան Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութիւնն ու Գլխաւոր դատախազութիւնը՝ յայտնելով, որ գիշերային իրադարձութիւններու առթիւ քրէական գործ յարուցուած է։ «Ի պաշտպանութիւն բանակի կազմակերպուած բողոքի ցոյցին ընթացքին, խումբ մը սադրիչներ կոպտօրէն խախտեցին կարգ ու կանոնը, ուժ կիրառելով եւ դիմադրութիւն ցուցաբերելով ոստիկանութեան աշխատակիցներուն», – նշուած է իրաւապահ կառոյցներու համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment