Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-ի Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը Լրացուցիչ 7 Մլն 467 Հազար ԱՄՆ Տոլար կը Յատկացնէ Հայաստանին

ԱՄՆ-ի Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը Լրացուցիչ 7 Մլն 467 Հազար ԱՄՆ Տոլար կը Յատկացնէ Հայաստանին

by MassisPost

Կառավարութիւնը Յունիս 25-ի նիստին, հաւանութիւն տուած է 2020 թուականի Մայիս 13-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջեւ «Աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ» օժանդակութեան համաձայնագիրի թիւ 14 փոփոխութիւնը» հաստատելու մասին» ՀՀ նախագահի հրամանագիրի նախագիծին: Ուստի ԱՄՆ-ի ՄԶԳ-ի կողմէ ներկայացուած թիւ 14 փոփոխութեամբ կը նախատեսուի յատկացնել լրացուցիչ 7 մլն 467 հազար ԱՄՆ տոլար:

Ամերիկեան կողմի տրամադրած դրամաշնորհներու ընդհանուր գումարը վերոնշեալ համաձայնագիրի ծիրէն ներս կը կազմէ 91 մլն 871 հազար 406.36 տոլար: Լրացուցիչ միջոցները պիտի ուղղուին ենթակառուցուածքային ծառայութիւններու զարգացման աջակցութեան ծրագիրներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment