Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսականները Կոչ Ըրած Են 1.5 Միլիոն Տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի Ականազերծման Ծրագիրին

ԱՄՆ-ի Քոնկրեսականները Կոչ Ըրած Են 1.5 Միլիոն Տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի Ականազերծման Ծրագիրին

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Պրատ Շերման իր ելոյթով ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի յատկացումներու յանձնաժողովին, կոչ ըրած է 1,5 միլիոն տոլար տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի ականազերծման եւ ականներէն տուժուածներու վերականգման ծրագիրին, կը տեղեկացնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

Քոնկրեսականը իր խօսքը ըսած է ուղիղ տեսակապի միջոցով Ներկայացուցիչներու պալատի յատկացումներու յանձնաժողովի առաջին լսումներուն ժամանակ: Յանձնաժողովը կը քննարկէր 2021 թուականի արտաքին օգնութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները:

Քոնկրեսական Շերմանի կոչին միացած են նաեւ 9 քոնկրեսականներ՝ Ճիւտի Չուն, Տեյուիտ Սիսիլինին, Ճիմ Քոստան, Տճէյ Քոքսը, Ճոն Կարամենտին, Ճիմ Հիմեսը, Քարոլայն Մալոնին, Ատամ Շիֆն ու Ռաշիտա Թլայպը, որոնք գրաւոր ձեւով իրենց աջակցութիւնը յայտնած են ականազերծման ծրագիրի ֆինանսաւորման:

ԱՄՆ-ի վարչակազմը 2019 թուականի գարնան որոշած էր դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի ականազերծման ծրագիրը, զոր կը կատարէ  «HALO Trust» բրիտանական կազմակերպութիւնը,  պատճառաբանելով, որ ծրագիրը մօտեցած է իր աւարտին: ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչներու համատեղ նամակը ընդգծած է, որ տրամադրուող միջոցները կ’ուղղուին այլ ոլորտներ, մասնաւորապէս բնակչութեան խաղաղութեան նախապատրաստելու ծրագիրին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment