Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալէն Սիմոնեան Առաջարկած է Միքայէլ Մինասեանին Յաջորդ Ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ի Ցուցակով Մասնակցիլ

Ալէն Սիմոնեան Առաջարկած է Միքայէլ Մինասեանին Յաջորդ Ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ի Ցուցակով Մասնակցիլ

by MassisPost

Զաւեշտալի էր, որ Միքայէլ Մինասեանը Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան, որպէս ընդդիմութիւն կը դիտէր եւ կը հռչակէր, դէպի ԲՀԿ։ Այս մասին Խորհրդարանին մէջ, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարեց ԱԺ փոխ խօսնակ Ալէն Սիմոնեան, անդրադառնալով Վատիկանի մօտ նախկին դեսպան, Սերժ Սարգսեանի փեսայ՝ Միքայէլ Մինասեանի պնդումներուն, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ արդէն կայ մէկ ընդդիմութիւն, շնորհիւ ԲՀԿ-ի։

Ալէն Սիմոնեան առաջարկած է Միքայէլ Մինասեանին, որ յաջորդ ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ի ցուցակով մասնակցի, թէեւ վստահ է, որ պիտի չյաջողի։

Ինչ կը վերաբերի Լուսաւոր Հայաստան Կուսակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանին ուղղուած Մինասեանի խօսքերուն, Սիմոնեան ըսաւ, թէ անոնց բաց եւ փակ նամակագրութիւնները մեկնաբանել չի ցանկար․

«Թող իրենք պարզեն՝ ով է ում ծրագիրը եղել, կամ եղել է կամ չի եղել»։

Սիմոնեան անդրադարձաւ նաեւ ԲՀԿ-ի ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի այն պնդումներուն, թէ երկրին մէջ սով պիտի ըլլայ։ Յորդորեց լրագրողներուն, որ երկու երեք ամիս անց Ծառուկեանէն հետաքրքրուին, թէ ուր է խոստացած սովը․

«Ես կարծում եմ՝ պարոն Ծառուկեանին շատ բաներ սխալ են զեկուցում, եւ ինքը իր ամառանոցում իրականութիւնից բաւականին հեռու է, մի գուցէ իրեն նամակներ գրող երդումներով մարդկանց մօտ, կամ այն մարդկանց մօտ, ում ինքը կամ իր աշխատակիցները վախեցնում են աշխատանքից ազատելու վտանգով, մի գուցէ իրենց մօտ կարող  է սով սկսուել, ես դա չեմ բացառում, բայց ՀՀ-ում սով չի եղել ու չի լինելու»։

Պատասխանելով՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ), «Հայրենիք» կուսակցութիւններու նախագահներուն եւ Հ Յ Դաշնակցութիւն (ՀՅԴ) կուսակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչի հանդիպման վերաբերեալ հարցադրման, Սիմոնեան ըսաւ, թէ քաղաքական դիակներու խորհրդատուութիւնը զինք չի հետաքրքրեր․

«Միակ մտահոգութիւնս ժողովրդի զայրոյթն է, որը չի հանդուրժի, որ իրեն կրկին խաբեն կամ գժի տեղ դնեն»։

Սիմոնեան կը պնդէ, որ այդ ուժերը փողի միջոցով կը լեցնեն ընդդիմադիր դաշտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment