Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որքան Ալ որ Թուրքիան Ջանքեր Գործադրէ Ճնշելու Ճշմարտութիւնը, ան Հարթելու է Իր Ճանապարհը. Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Որքան Ալ որ Թուրքիան Ջանքեր Գործադրէ Ճնշելու Ճշմարտութիւնը, ան Հարթելու է Իր Ճանապարհը. Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

by MassisPost

Որքան ալ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ջանքեր գործադրեն ճնշելու ճշմարտութիւնը, ամէն պարագային ճշմարտութիւնը հարթած է եւ պիտի հարթէ իր ճանապարհը: Այս մասին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան, մենակաբանելով Թուրքիոյ նախագահական մակարդակով Հայոց ցեղասպանութեան հարցով քննարկումը:

«Թուրքիոյ նախագահի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան արդարացման եւ դրանց զոհերին վիրաւորելու յայտարարութիւնները նորութիւն չեն եւ իրենից ներկայացնում են ատելութեան խօսքի դրսեւորումներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնն են ունենում այդ երկրում հայերի հանդէպ այլատեացութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ամրապնդման վրայ», – ըսած է Արտաքին Գործոց Նախարարի խօսնակը:

Նաղտալեան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցը հայ-թրքական խնդիր չէ, ան Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան խնդիր է: Այդ կը վկայէ Թուրքիոյ բազմաթիւ յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները, այս կամ այն երկրի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ:

Աննա Նաղտալեան աւելցուցած է, թէ մեզի եւ միջազգային հանրութեան համար Հայոց ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, որ նաեւ որպէս հիմք ծառայած է Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ կանխարգիլման 1948 թուականի համաձայնագրութեան մշակման եւ անոր հիման վրայ ներկայիս ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործելակերպերու ներդրման համար:

«Ժխտողականութիւնը ապագայ չունի, անկախ՝ ով եւ ինչպէս կը փաթեթաւորի այն։ Որքան էլ Թուրքիայի իշխանութիւնները ջանքեր գործադրի ճնշելու ճշմարտութիւնը, ամէն դէպքում ճշմարտութիւնը հարթել եւ հարթելու է իր ճանապարհը», – ըսած է Նաղտալեան։

Թուրքիոյ քննարկումէն յետոյ, նախագահականի հաղորդակցութեան բաժնի պետ՝ Ֆահրեթթին Ալթունը հանդէս եկած է գրաւոր յայտարարութեամբ եւ նշած, որ նախագահ Էրտողանի համոզումով՝ «պատմական դէպքերուն վրայ թշնամութեան սերմեր կը ցանուին, որոնք սակայն պիտի չծլին արդարութեան հողին մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment