Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ներկայիս 4 Միլիոն Տոլար Չկայ Ընտանիքի Տրամադրութեան Տակ․ Լեւոն Քոչարեան

Ներկայիս 4 Միլիոն Տոլար Չկայ Ընտանիքի Տրամադրութեան Տակ․ Լեւոն Քոչարեան

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը յառաջիկային կը հրապարակէ այն քանի մը խոշոր գործարարներու եւ բարերարներու անունները, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու գրաւը վճարելու հարցին. այս մասին յայտարարած է Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար՝ Վիքթոր Սողոմոնեան, աւելցնլով, որ աննախադէպ 2 միլիառ դրամի՝ 4 միլիոն տոլար չափով գրաւի սահմանումը կրնայ հարցականի տակ դնել իւրաքանչիւր մէկու ազատ արձակուելու հնարաւորութիւնը եւ ստիպել հրաժարելու գրաւի վճարումէն, համարելով զանիկա դատարանի կողմէն կայացուած գործնականօրէն անիրականանալի որոշում։

Հայաստանի երկրորդ նախագահի որդին՝ Լեւոն Քոչարեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտնած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանին ազատ արձակելու դիմաց Վերաքննիչ դատարանի սահմանած գրաւը մուծելու համար պահանջուող 2 միլիառ դրամը (կամ մօտ 4 միլիոն տոլարը) չկայ ընտանիքի տրամադրութեան տակ:

Մարտ 1-ի գործով սահմանադրական կարգը տապալելու, ինչպէս նաեւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանին 2 միլիառ դրամ գրաւով կալանքէն ազատ արձակելու որոշումը Վերաքննիչ դատարանը կայացուց Յունիս 18-ին: Գումարը վճարելու համար օրէնքով երկու օր կը տրուի։

Նախկին նախագահը, չորեքշաբթի օր, դատարանին մէջ յայտարարած էր, որ իր ողջ գոյքը կալանքի տակ է, եւ որ պէտք է գրաւ դնէ իր զաւակներու գոյքը, սակայն այդ եւս բաւարար չէ:

«Ազատութեան» հետ զրոյցին, Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն՝ Հայկ Ալումեան ըսաւ, որ, ըստ օրէնքի, գրաւը չվճարելու պարագային, նախկին նախագահը կը մնայ կալանքի տակ։

Հարցումին, թէ ինչ գործողութիւններ կը սպասուի չվճարելու պարագային, Ալումեան պատասխանեց. – «Ես հիմա չէի ուզի էդ ձեւով փորձել հարցը մեկնաբանել, թէ եթէ չվճարեն, ինչ կը լինի: Յոյս ունեմ, որ հնարաւոր կը լինի վճարել»:

Դատարանի որոշման հետ կապուած վճռաբեկ բողոք պիտի ներկայացնեն թէ՛ դատախազը եւ թէ՛ Մարտ 1-ի 9 զոհերու իրաւայաջորդները, որոնք վստահ են, որ գրաւով հնարաւոր չէ չեզոքացնել գործը խոչընդոտելու վտանգը։

«Յստակ է, որ որեւէ այլ խափանման միջոց, որը պայմանաւորուած չի նրան ազատութիւնից զրկելու եւ հաղորդակցութեան սահմանափակման հետ, ի զօրու չի լինելու չեզոքացնել այդ վտանգը: Տարբեր համաձայնութիւններ, որոնք կարող են կնքուել, ձեւաւորուել ինչպէս միւս ամբաստանեալներու, այնպէս ալ գործով տարբեր վկաներու հետ, դրանք էական ազդեցութեան հնարաւորութիւն ունեն գործի ելքի վրայ: Էս համաձայնութիւններն արդիւնքում բերելու են այն հետեւանքին, որը կոչուում է գործին խոչընդոտել», – ըսաւ Մարտ 1-ի 9 զոհերու իրաւահաջորդներուն շահերը ներկայացնող փաստաբան՝ Տիգրան Եկորեան:

Հնարաւոր է, որ դատարանի որոշումը բողոքարկեն նաեւ Քոչարեանի պաշտպանները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment