Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրապարակուած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անոր Ընտանիքի Ունեցուածքի Յայտարարագիրը

Հրապարակուած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անոր Ընտանիքի Ունեցուածքի Յայտարարագիրը

by MassisPost

Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովի կայքով հրապարակուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր ընտանիքի տարեկան յայտարարագիրը։

Տարեսկզբին Նիկոլ Փաշինեան ունեցած է 2011-ի արտադրութեան, 2012-ին ձեռք բերուած HYUNDAI մակնիշի ինքնաշարժ, որ Յուլիսին՝ 4 մլն 550 հազար  դրամով վաճառած է Արսէն Մանուկեանին։ Վաճառքէն ստացուած գումարը Փաշինեան աւանդ դրած է դրամատուներէն մէկը։

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարագրած է կանխիկ 790 հազար դրամ եւ 1800 տոլար։ Մինչ վարչապետի յայտարարագրած կանխիկ գումարը տարուայ սկիզբը եւ վերջը նոյննը եղած է, իր դրամատան  հաշուին վրայ առկայ 276 հազար 10 դրամը, 297 տոլարը եւ 5 եւրօն տարուայ վերջաւորութեան փոփոխութեան ենթարկուած են։ Փաշինեանը դրամատան հաշուին վրայ ունեցած է 3 մլն 333 հազար 423 դրամ եւ 320 տոլար։

2019-ի ընթացքին վարչապետի աշխատանքի վարձատրութիւնը կազմած է 11 մլն 644 հազար 725 դրամ։ 2 մլն 406 հազար 865 դրամ ալ Փաշինեանը եկամուտ ունեցած է «Անտարես» Սահմանափակ պատասխանատվութեամբ ընկերութենէն (ՍՊԸ):

Վարչապետի ընտանիքէն անշարժ գոյք ունի տիկին Աննա Յակոբեանը։ Ան յայտարարագրած է բնակարան Շենգաւիթ վարչական շրջան գտնուող բազմաբնակարան բնակելի շէնքին մէջ։

Աննա Յակոբեան յայտարարագրած է երեք փոխադրամիջոց միջոց: Ան տարեսկզբին ունեցած է 523 տոլար եւ 275 հազար 512 դրամ, իսկ տարեվերջին՝ 904 հազար 863 դրամ եւ 183 տոլար։ Բացի այդ, Աննա Յակոբեանը յայտարարագրած է նաեւ 1000 տոլար կանխիկ գումար։

Աննա Յակոբեան «Մեր տպարանը» եւ «Դարեսկիզբ» ՍՊԸ-ներէն ստացած է 7 մլն 672 հազար 920 դրամ եկամուտ, որպէս աշխատանքի վարձատրութիւն կամ վարձակալութեան դիմաց ստացուած վճար։

Նիկոլ Փաշինեանի աւագ դուստր Մարիամ Փաշինեանը տարեվերջին իր դրամատնային հաշուին ունեցած է 324 հազար 267 դրամ։ Ամբողջ տարուայ ընթացքին ան ստացած է 2 մլն 82 հազար 476 դրամ եկամուտ «ՏիՃիթէյն» ՍՊԸ-էն որպէս աշխատանքի վարձատրութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment