Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Հայրենիք Կ՚առաքէ COVID-19-ի Դէմ Պայքարելու Համար $181,000 Արժողութեամբ Դեղորայք եւ Բժշկական Պիտոյքներ

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Հայրենիք Կ՚առաքէ COVID-19-ի Դէմ Պայքարելու Համար $181,000 Արժողութեամբ Դեղորայք եւ Բժշկական Պիտոյքներ

by MassisPost

Յունիս 12, 2020-ին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Երեւան առաքեց COVID-19 ժահրին դէմ պայքարելու համար $181,000 ընդհանուր արժէքով դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ։ Այս առաքման շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ դարմանում տրամադրել 1,500 հիւանդներու։

2020-ի առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը նաեւ $6 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $5.8 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ պիտոյքներ ապահոված է AmeriCares կազմակերպութենէն ($5 միլիոն) եւ Direct Relief կազմակերպութենէն ($741,000)։

Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի Յիշատակի Ընկերութիւնը ($76,000), Ակաբէ Ծրագիրը ($40,000), եւ Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը – ՀԿԲՄ  ($36,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգորածական Հիմնադրամին, Աւագ Բժշկական Կեդրոնին, Հայաստանի Օգնութեան Հիմնարկին, Մեծն Ներսէս Բարեսիրական Կազմակերպութեան, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն։

Անցեալ 31 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $897 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2,470 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment