Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1.000.000 ԱՄՆ Տոլարի Կաշառքը Օրինականացնելու Համար Մեղադրանք Առաջադրուած է Արմէն Գէորգեանի Հօրը

1.000.000 ԱՄՆ Տոլարի Կաշառքը Օրինականացնելու Համար Մեղադրանք Առաջադրուած է Արմէն Գէորգեանի Հօրը

by MassisPost

ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ, Անդրանիկ Գէորգեանին մեղադրանք առաջադրուած է հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքի կատարման համար, որ ան թաքցրած եւ խեղաթիւրած է որդւոյն` ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը գրաւած Արմէն Գէորգեանի կողմէ ստացած կաշառքի գումարի իրական բնոյթն ու ծագումը եւ օրինականացուցած առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 309.000.000 ՀՀ դրամին համարժէք 1.000.000 ԱՄՆ տոլարը:

2008 թուականի գարնան, Արմէն Գէորգեան իր մտերիմ անձի օժանդակութեամբ՝ առանձնապէս խոշոր չափերու կաշառքը, անոր իրական բնոյթն ու ծագումը թաքցնելու եւ խեղաթիւրելու համար ապահոված է նշուած կաշառքի գումարի փոխանցումները տարբեր իրաւաբանական անձերու անուններով, ինչպէս նաեւ իրեն փաստացի պատկանող,  արտասահման գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութեան դրամատնային հաշուին: Այնուհետեւ նշուած կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Անդրանիկ Գէորգեան, օժանդակելով որդւոյն կողմէ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը օրինականացնելուն, տնօրինած է յիշեալ գումարը եւ զայն ներդրած ընկերութեան կողմէ կատարուած ձեռնարկատիրական գործունէութեան մէջ:

Անդրանիկ Գէորգեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, կը տեղեկացնեն ՅՔԾ-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment