Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԻԵԴ-Ն Վճռած է, Որ Ատրպէյճանը Խախտած Է Եւրոպական Համաձայնութիւնը, Ազատ Արձակելով Ռամիլ Սաֆարովին

ՄԻԵԴ-Ն Վճռած է, Որ Ատրպէյճանը Խախտած Է Եւրոպական Համաձայնութիւնը, Ազատ Արձակելով Ռամիլ Սաֆարովին

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակած է, ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ Հունգարիոյ մէջ Գուրգէն Մարգարեանի սպաննութեան եւ հետագային ատրպէյճանցի սպայի արտայանձնման ու պատիժէն ազատ արձակուելու գործով վճիռը:

ՄԻԵԴ-ն եզրայանգած է, որ Ատրպէյճանը խախտած է Եւրոպական (կոնվենցիայի) համաձայնութեան 2-րդ յօդուածը՝ կեանքի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ 14-րդ յօդուածը՝ խտրականութեան արգելքը։

«Մակուչեան ու Մինասեան ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» գործով վճիռին մէջ ըսուած է, որ Ատրպէյճանը ձախողած է իր սպայի կողմէն ցեղային ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցանքի համար ազատազրկման ապահովումը, աւելին՝ զինք ներած է ու ապահոված անոր յառաջխաղացումը։

«Պարզուեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից Ռամիլ Սաֆարովի պատիժը չկատարելու համար որեւէ հիմնաւորում չի եղել, նրան անպատիժ են թողել ատելութեան լուրջ յանցագործութեան համար», – նշուած է ՄԻԵԴ-ի վճիռին մէջ։

ՄԻԵԴ-ն որոշած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է դիմում ներկայցնողներուն՝ Մարգարեանի ծառայակից Մակուչեանին եւ մօրեղբօր՝ Մինասեանին վճարէ 15,143 ֆունտ սթերլինկ, ծախսերուն համար:  Դիմում ներկայացնողները գումարային փոխհատուցում չեն պահանջած, իսկ նշուած գումարը դատական ծախսերն են եւ հայ ու բրիտանացի փաստաբաններու վճարումը:

«Մուկուչեան եւ Մինասեան  ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» գործը կը վերաբերէր դատապարտուած մարդասպանին տրուած նախագահական ներումին եւ անոր ազատ արձակման, Հունգարիայէն Ատրպէյճան տեղափոխուելէն յետոյ, պատիժին մնացած մասը կրելու համար: 2004 թուականին ատրպէյճանցի զինծառայող Ռամիլ Սաֆարովը սպաննած էր հայ զինծառայողը եւ փորձած էր սպաննել եւս մէկը, երբ Հունգարիոյ մէջ կը մասնակցէին վերապատրաստման դասընթացքներու։

Գործը նաեւ կը վերաբերի այն փաստին, որ Ատրպէյճան, արտայանձնումէն յետոյ, Ռամիլ Սաֆարովը դիմաւորած է որպէս հերոս։ Դատարանը գտած է, չնայած որ Ատրպէյճանը յստակօրէն համաձայն էր Սաֆարովի գործողութիւններուն, ոչ միայն զինք ազատ արձակելով, այլեւ խրախուսելով, տալով չվճարուած աշխատավարձը եւ անոր վերադարձէն յետոյ բնակարան նուիրելով, այդուամենայնիւ, Ատրպէյճանը պատասխանատուութիւն չի կրնար կրել միջազգային օրէնքի խստագոյն չափանիշներու համաձայն, որմով կը պահանջուի, որ պետութիւնը «ճանաչի» այդ գործողութիւնները «իբրեւ իր գործողութիւններ»:

«Աւելին, այդ գործողութիւնները եղել են մասնաւոր որոշման մի մաս եւ եղել են այնպիսի աղաղակող բռնարարքներ եւ այդքան հեռու զինծառայողի պաշտօնական կարգավիճակից, որ Դատարանը չկարողացաւ տեսնել, թէ ինչպէս կարող էին նրա հրամանատարները կանխատեսել, կամ ինչպէս կարող էր Ատրպէյճանը պատասխանատու լինել դրանց համար պարզապէս այն պատճառով, որ նա պետական ծառայող էր»,- նաեւ նշուած է ՄԻԵԴ վճիռին մէջ։

Այնուամենայնիւ, ՄԻԵԴ-ն գտած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն Ռամիլ Սաֆարովի պատիժը չկատարելու եւ ատելութեան լուրջ յանցագործութեան համար անպատժելիութիւն շնորհելու համար որեւէ հիմնաւորում չէ եղած: Աւելին, դատաւորները նկատած են, որ դիմում ներկայացնողները տրամադրած են բաւարար ապացոյցներ, որպէսզի ցոյց տան, որ Ռամիլ Սաֆարովի ներումը եւ անոր շնորհուած այլ միջոցները ընտրուած են ցեղային դրդապատճառներով, այն է՝ իր արարքին աջակցող բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները (մասնաւորապէս, այն փաստը, որ յանցանքը ուղղուած էր ընդդէմ հայ զինուորներուն), ինչպէս նաեւ Սաֆարովին նուիրուած յատուկ էջը Ատրպէյճանի նախագահի կայքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment