Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Լուսաւոր Հայաստան»ը կը Դադրեցնէ Պոյքոթը ու կը Մասնակցի Ազգային Ժողովի Յառաջիկայ Նիստին

«Լուսաւոր Հայաստան»ը կը Դադրեցնէ Պոյքոթը ու կը Մասնակցի Ազգային Ժողովի Յառաջիկայ Նիստին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովը՝ ի դէմ «Իմ քայլի», երաշխիքներ չէ տուած, որ ԱԺ-ի աշխատանքի ծիրէն ներս ընդդիմութեան նկատմամբ բռնութիւն եւ ծեծկռտուք չկրկնուի: Այս մասին Մայիս 25-ին, ԱԺ-ի մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց «Լուսաւոր Հայաստանի» ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանը:

Մարուքեանի խօսքով՝ կուսակցութիւնը մտադիր է մասնակցելու յառաջիկայ նիստին, որ կը կայանայ վաղը:

«Այժմ մենք ուշադիր եւ զգօն կը լինենք, որպէսզի նման բան չկրկնուի»,-ըսաւ ան, նշելով, որ իշխանութիւնները ոչ միայն չեն դատապարտեր տեղի ունեցածը, այլ նաեւ կը խրախուսեն նման պահուածքը:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 8-ին ԱԺ-ին մէջ միջադէպ տեղի ունեցաւ «Լուսաւոր Հայաստանի» ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի եւ «Իմ քայլի» պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանի միջեւ, որ զանգուածային ծեծկռտուքի վերածուեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment