Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ԼՂ Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Երդմնակալութեան Արարողութիւնը

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ԼՂ Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Երդմնակալութեան Արարողութիւնը

by MassisPost

Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի յատուկ նիստ, որու ընթացքին կայացաւ Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը։

Արարողութեան ներկայ էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Արցախի արդէն նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ։

arayik harutyunyan-2

Ստանձնելով պաշտօնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի չորրորդ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան խօսեցաւ իրեն համար կարեւոր սկզբունքներու մասին. – «Առաջին սկզբունք. մարդը բարձրագոյն արժէք է, իսկ պետութիւնը՝ բարձրագոյն արժէքին ծառայող հաստատութիւն։ Ինչպէս Արցախի հանրապետութեան սահմանադրութեան երրորդ յօդուածն է ամրագրում, այո՛, մարդը բարձրագոյն արժեք է, եւ պետութեան գոյութիւնն էլ իմաստաւորուում է հենց մարդուն ծառայելով։ Չկայ պետութեան որեւէ սահմանադրական գործառոյթ, որը նպատակաուղղուած չլինի իր քաղաքացիների այս կամ այն իրաւունքի կամ ազատութեան երաշխաւորմանը։ Ուստի, որպէս հանրապետութեան նախագահ իմ պաշտօնաւորումն էլ միտուած է լինելու մարդուն եւ ժողովրդին անմնացորդ ծառայելուն՝ հիմնուած մարդու անօտարելի արժանապատուութեան եւ իրաւունքների ու ազատութիւնների հանդէպ յարգանքի վրայ։ Երկրորդ սկզբունք․ հայոց միացեալ հայրենիքի անվտանգութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ հայ ժողովրդի ազգային արժանապատուութիւնը ենթակայ չէ որեւէ վերապահման ու սակարկման։ Քանի որ Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւնները մէկ միացեալ ազգային հայրենիքի անտրոհելի մասերն են, հետեւաբար Արցախի բնակչութեան գլխին կախուած սուրը պէտք է ընկալել որպէս եաթաղան ողջ հայութեան ու նրա արժանապատուութեան գլխին։ Ուստի արցախահայութեան անվտանգութիւնը ողջ հայութեան անվտանգութիւնն է, արցախահայութեան արժանապատուութիւնը ողջ հայութեան արժանապատուութիւնն է, արցախահայութեան պայքարը ողջ հայութեան պայքարն է, իսկ արցախահայութեան յաջողութիւնը ողջ հայութեան յաջողութիւնն է։ Եւ մենք պատրաստ ենք անսասան կանգնելու որպէս վահան ողջ հայութեան անվտանգութեան, արժանապատուութեան, պայքարի ու յաջողութիւնների հանդէպ սպառնալիքների դէմ։ Մենք ունենք համազգային կամք ու զօրութիւն մեր գլխին կախուած եաթաղանը դարձնելու բահ, գրիչ ու խաչ, իսկ անհրաժեշտութեան դէպքում՝ նաեւ սուր»։

arayik harutyunyan-3

Ի դէպ, Յարութիւնեան նշեց, թէ մտադիր է Արցախի Ազգային ժողովը Շուշի տեղափոխել․ – «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ։ Պատմական այս հանրայայտ բանաձեւը ակունքները դարեր ի վեր հարստացել են միայն սեփական հողում հայ մարդու արարման ձիրքով ու ջանքով։ Մեծ Հայքի արցախեան հատուածում Մաշտոցի հիմնած առաջին դպրոցի եւ Սուրբ Գրիգորիսի տարածած հաւատի լոյսով կրթուել եւ դաստիարակուել են հայոց սերունդները»։

Այսօր՝ աւելի վաղ, Ստեփանակերտի մէջ կայացան Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր՝ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի աշխատանքները, ուր փակ քուէարկութեամբ խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի առաջնորդած «Ազատ Հայրենիք»-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինքի պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանը, որ հեռաւոր 1996-1997 թուականներուն գլխաւորած է Արցախի խորհրդարանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment