Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Քորոնա» Ժահրի Վերաբերեալ Կեղծ Լուրեր Տարածողներու Տուեալները Պիտի Փոխանցուի Իրաւապահ Մարմիններուն

«Քորոնա» Ժահրի Վերաբերեալ Կեղծ Լուրեր Տարածողներու Տուեալները Պիտի Փոխանցուի Իրաւապահ Մարմիններուն

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան դէպքերու աճին զուգահեռ կը մեծնայ նաեւ դաւադրութեան տեսութիւնները հաւատացողներուն թիւը։ ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Այս փաստը, ինչպէս նշած է նախարարը, կ’անհանգստացնէ այն տեսանկիւնէն, որ մարդիկ կրնան կորսնցնել իրենց զգօնութիւնը հիւանդութեան նկատմամբ։

«Իսկ դա նշանակում է, որ առաջիկայում այս ամէնը կարող է նպաստել աւելի շատ դէպքեր ունենալուն։

«Մեզ հաստատ (chip տեղադրել) են  », «Այդպիսի հիւանդութիւն չկայ», «Մեզ չի կպնի», «Համաշխարհային խաբէութիւն է», «Ամէն ինչ սուտ է», «Դրսից ֆինանսաւորում ստանալու համար է» եւ նմանատիպ այլ արտայայտութիւնների կարող էք հանդիպել անհատ օգտատէրերի գրառումներում, ովքեր նաեւ «կարծիք են» թողնում լրատուամիջոցների կողմից հրապարակուած նիւթերի մեկնաբանութիւններում: Նման կարծիքները նաեւ լայնօրէն լուսաբանուում են ԶԼՄ-ների (Զանգուածային Լրատուութեան Միջոցներ) կողմից»,- գրած է Թորոսեան:

Վերջինս շեշտած է, որ եթէ այս միտումը շարունակուի, ստիպուած պիտի ըլլան կեղծ եւ չհիմնաւորուած այսպիսի լուրեր տարածողներու տուեալները փոխանցել իրաւապահ մարմիններուն՝ նախ հասկանալու համար, թէ որոնք կանգնած են անոնց ետեւը եւ ինչ շարժառիթ ունին վնասելու քաղաքացիներուն։

«Հաշուի առնելով վերջին օրերի վիճակագրութիւնը՝ մեր հայրենակիցներին յորդորում ենք աւելի ուշադիր լինել, հետեւել բոլոր ցուցումներին՝ կանգնեցնելու հիւանդութեան տարածման ընթացքը, ինչպէս նաեւ կոչ ենք անում, որպէս հաւաստի տեղեկատուութեան աղբիւր հետեւել պաշտօնական լրահոսին»,- նշած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment