Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նուպար Աֆէեան Նախագահ Սարգսեանին Տեղեկացուցած է «Քորոնա» Ժահրի Պատուաստի Փորձարկումներու Առաջին Փուլի Յաջողութեամբ Մասին

Նուպար Աֆէեան Նախագահ Սարգսեանին Տեղեկացուցած է «Քորոնա» Ժահրի Պատուաստի Փորձարկումներու Առաջին Փուլի Յաջողութեամբ Մասին

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ  հեռավար զրոյցներն ու քննարկումները հայազգի յայտնի գործիչներու ու գործարարներու եւ տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ, որոնք տարբեր երկիրներու եւ ընկերութիւններու մէջ, ընդգրկուած են «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պայքարին, անոնց կարգին՝ պատուաստի մշակման աշխատանքներուն: Այդ ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահը հեռավար զրոյց ունեցած է ամերիկահայ գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեանի հետ:

Ամերիկեան Moderna ընկերութիւնը, որու համահիմնադիրն ու գլխաւոր տնօրէնը Նուպար Աֆէեանն է, աշխոյժ աշխատանքներ կը կատարէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստի մշակման ուղղութեամբ: Քլինիքական փորձարկումներու առաջին փուլին, արդէն իսկ ստացած են նախնական տուեալները:

Այդ մասին Նուպար Աֆէեան տեղեկացուցած է նախագահ Սարգսեանին, նշելով, որ պատուաստի փորձարկումներու առաջին փուլը յաջողութեամբ անցած է։ Նախագահ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթած է Նուպար Աֆէեանին եւ իր ձեռնարկներուն, ակնկալելով, որ փորձի ու գիտելիքի համադրութիւնը կը յանգի դրական արդիւնքներու:

Հանրապետութեան նախագահն ու ամերիկահայ գործարարը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստանի մէջ համավարակի հետ կապուած իրավիճակին եւ անոր հետեւանքները յաղթահարելու հնարաւորութիւններու ու ուղիներու շուրջ: Նախագահը ընդգծած է համատեղ ուժերով իրավիճակը յաղթահարելու կարեւորութիւնը, նշելով, որ միայն միասնական ջանքերով հնարաւոր է դուրս գալ այս նոր փորձութենէն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment