Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կոշտ Քննադատութեան Ենթարկած Է Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կոշտ Քննադատութեան Ենթարկած Է Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները

by MassisPost

Ատրպէյճան կ’օգտագործէ «Քորոնա» ժահրի վարակը որպէս պատրուակ, երկրի քաղաքական ճնշումները կատարելու եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու նպատակով:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, «Ամերիկայի ձայն»-ը կը յայտնէ, որ այդ մասին յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի մարդու իրաւունքներու հարցերով Հելսինկեան յանձնաժողովի համանախագահներ քոնկրեսական Ալսի Հասթինկսը եւ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրը:

«Այս համավարակի ընթացքին, առողջապահութեան միջոցները որեւէ կերպ չեն արդարացներ քաղաքական բռնաճնշումները: Մենք անհանգստացած ենք զեկոյցներով, որոնք կը վկայեն, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը աւելի կը սահմանափակէ սեփական քաղաքացիներուն ազատ արտայայտման, մամուլէն ազատօրէն օգտուելու եւ տեղեկատուութեան իրաւունքը, կատարելով ձերբակալութիւններ, տուգանքներ, բռնութիւններ եւ, հնարաւոր է, խոշտանգումներ: Երկրի իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն, այս համաշխարհային ճգնաժամի պատրուակով, սահմանափակելը Ատրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան անդամներու եւ այլ գործիչներու ու թղթակիցներու ազատ խօսքի իրաւունքը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment