Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ կը Քննարկուի Պարտադիր Դիմակ Կրելու Հարցը

Հայաստանի Մէջ կը Քննարկուի Պարտադիր Դիմակ Կրելու Հարցը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը Մայիս 11-ին աւելցած է 146-ով, մինչեւ այսօր «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 3 հազար 538 անձերու մօտ։ Բուժուածներուն թիւն ալ աւելցած է 71-ով՝ հասնելով 1430-ի։

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Ալինա Նիկողոսեանի փոխանցումով` երէկ մահուան եւս մէկ դէպք գրանցուած է.- « Հիւանդը եղել է 82 տարեկան կին եւ ունեցել է ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ»:

Մինչեւ այժմ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 47 մարդ։ Այս պահուն փաստացի կը բուժուի 2 հազար 42 անձ.- «Ընդհանուր առմամբ եթէ ասեմ, կատարել ենք 33 հազար 313  հետազօտութիւն»:

Բացի Մայիս 10-ին գրանցուած 79 դէպքերէն, վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին օրական արձանագրուած են վարակման 100-էն աւելի դէպքեր։ Ի դէպ, եթէ նախորդող օրերուն կատարուած էր օրական շուրջ 1000  հետազօտում, ապա երէկ չնայած հաստատուած դէպքերու թիւին` կատարուած է 752  հետազօտում։

corona May 12

Հայաստանի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի աճը, ըստ համաճարակաբան Յասմիկ Ղազինեանին, կանխատեսելի էր, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու նպատակով կիրառուած սահմանափակումները լիարժէք չէին.- «Սահմանափակումները, որ կային, ես դրան համամիտ չեմ, դրանք սահմանափակումներ չէին, սա իմ կարծիքն եմ ասում»:

Ղազինեանի կարծիքով` «Քորոնա» ժահրի տարածման հիմնական աղբիւրները մեծ խանութներն են, ուր անհրաժեշտ պայմաններ ապահովուած չեն.- «Ես շատ ուրախ եմ, որ մեծահասակների համար գնումների ժամանակ էր ստեղծուած` ժամը 10-12-ը, բայց ես երբեմն, ի հարկէ պաշտպանուած, պահպանելով անվտանգութիւնը թէ իմ, թէ շրջապատի, մտել եմ ժամը 5-ին հանրախանութ, շատ հանգիստ այնտեղ գնումների էին եկել 60-70 տարեկաններն առանց անվտանգութեան պարագաների»:

«Քորոնա» ժահրի պատճառով Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան աւարտին 2 օր մնացած է: Այդուհանդերձ զայն երկարաձգելու վերաբերեալ որոշում կառավարութիւնը առայժմ չունի: Պարէտ Տիգրան Աւինեանի մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտնեց, որ այս պահուն քննարկումներու փուլի մէջ են.- «Երբ վերջնական որոշումն արդէն ընդունուի, համապատասխանաբար մենք այդ մասին կը տեղեկացնենք»:

Կախուած իրավիճակէն հնարաւոր է նոր սահմանափակումներ ըլլան, պարէտատունը մշտադիտարկում կը կատարէ.- «Եթէ նման անհրաժեշտութիւն եղաւ, ապա կարող է էլի խստացուել»:

Հանրային փոխադրամիջոցներու աշխատանքի հարցը նոյնպէս պարէտատան ուշադրութեան կեդրոնն է, քննարկումները կ’ընթանան, սակայն դեռ յստակ չէ: Ի դէպ, հնարաւոր է, որ յառաջիկային տունէն  դուրս ելլելու ատեն դիմակ կրելը պարտադիր դառնայ: Այդ հնարաւորութիւնը եւս այժմ կը դիտարկուի:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment