Home ՍՓԻՒՌՔ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Կը Մեկնարկէ ԽՕՍՔ ԱՌ Մրցանակը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Կը Մեկնարկէ ԽՕՍՔ ԱՌ Մրցանակը

by MassisPost

ԽՕՍՔ ԱՌ մրցանակը աշխարհասփիւռ հայախօսներուն առիթը կ՚ընծայէ հայերէնով արծարծելու այն հիմնահարցերը, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մարդկութիւնը այսօր։

Պսակաձեւ ժահրը կը ստիպէ որ միլիոնաւոր հայեր մեկուսանան։ Այս պայմաններուն, համացանցը եւ տարբեր ընկերային առցանց հարթակներ հաղորդակցութեան ազդեցիկ միջոցներ դարձած են։ Շատեր կը դիմեն այս ձեւերուն՝ ստեղծելով արտայայտչական նոր մշակոյթ մը։ Այս շրջարկին մէջ, Հայկական Բաժանմունքը կը յայտարարէ լսատեսողական եւ գրական արտադրութեան մրցանակ մը՝ ԽՕՍՔ ԱՌ, հրաւիրելով բոլորը ստեղծելու նիւթեր, որոնք կ՚անդրադառնան աշխարհին վերաբերող հիմնահարցերու, ինչպէս նաեւ կը միտին հասարակութիւնը իրազեկելու եւ քաջալերելու որ այս նիւթերուն մասին արտայայտուին ու լուծումներու շուրջ մտածեն:

Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն, Ռազմիկ Փանոսեանի խօսքերով. «Հարկաւոր է խօսիլ մարդկութեան վերաբերող ժամանակակից հիմնահարցերու մասին, որոնք անյապաղ կ՚անդրադառնան նաեւ աշխարհասփիւռ հայուն վրայ. օրինակ՝ կենսոլորտի աղէտը, գաղթականներու ճգնաժամը, յարատեւ պատերազմները, համայնքային մարտահրաւէրները եւ այլն։ Այս մրցանակով կը հետապնդենք երկու նպատակ. նախ՝ քաջալերել որ իբր համայնք խօսուի մարդկութեան դիմակայած դժուարութիւններուն մասին, ապա խթանել որ այս քննարկումները տեղի ունենան հայերէնով, եւ զանազան առկայ միջոցներով»։

Եթէ կ՚ուզէք աշխարհին դիմել հայերէնով, անդրադառնալու հիմնահարցի մը, ապա ասիկա լաւագոյն առիթն է. կը հրաւիրենք ձեզ ներկայացնելու լսողական, տեսողական, գրաւոր, կամ գծանկարչական նիւթեր։

Մրցանակառուները պիտի ստանան 500 տոլար արժողութեամբ պարգեւ մը։ Պիտի յատկացուի ընդհանուր 50 մրցանակ։

Դիմումները եւ հարցումները պէտք է ուղղուին՝ [email protected] հասցէին, մինչեւ 8 յունիս 2020։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment